Զապէլ Եսայեանի նշանաւոր «Սիլիհտարի Պարտէզները» գործը Պողազիչի համալսարանի Կնոջական հարցերու հետազօտութեան ակումբի անդամներուն կողմէ թրքերէնով ներկայացուեցաւ որպէս թատերախաղ։ Եսայեան իր այս վէպով լոյս կը սփռէ 1880ական թուականի իր մանկութեան շրջանի քաղական ու ընկերային մթնոլորտին վրայ ու ցոյց կու տայ, թէ հայ կինը ինչպիսի ընկերային ճնշումներու տակ էր՝ նախ որպէս կին, ապա որպէս հայ։
Պողազիչի համալսարանի ուսանողներէն Մարալ Չանգայա յայտնեց, որ գիրքին հերոսը՝ Սանդուխտ, շատ տպաւորած էր զինք։ Ան անդրադարձաւ օսմանեան շրջանէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ կիներու կապակցութեամբ առկայ մթնոլորտին ու ըսաւ, որ ընդհանրապէս չէ փոխուած կիներուն նկատմամբ վերաբերմունքը, միայն զօրակցութեան շարժում մըն է, որ ստեղծուած է ներկայիս։ Այդ շրջանի մտայնութիւնը թերութիւն կը նկատէր թէ՛ հայ, թէ՛ կին ըլլալու յատկանիշը։ «Հայ կիները յաւելեալ ճնշումի տակ էին այդ շրջանին», կ՛ըսէ Չանգայա։
Եսայեանի թատերախաղի վերածուած վէպը ներկայացուեցաւ Պողազիչի համալսարանի Հակաօդային բաժինի համալիրի «Կարանթի» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Նախաձեռնողներէն դերասանուհի Էլիֆ Գարաման, յայտնեց որ նախապէս ալ բեմադրած էին նոյն նիւթերը արծարծող «Կին Մը Կ՛արթննայ» եւ «Օթօպիւս» թատերախաղերը՝ աւելցնելով, որ Զապէլ Եսայեանի կողմէ կնոջական հարցերու մէջ նկարագրուած պայմանները այսօր ալ կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ։
Ներկայացման առիթով կազմակերպիչները կենսագրական տուեալներ տուած են Զապէլ Եսայեանի մասին՝ ընդգծելով, որ ան «Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան օրերուն օսմանցի կնոջ մը նման ծպտուեցաւ ու Պուլկարիա փախաւ եւ այնտեղէն անցաւ Հայաստան, աքսորուեցաւ Սիպերիա, ուր 1943ին կնքեց իր մահկանացուն»։