Զապորոժիէ շրջանի վարչական խորհուրդի անդամ Վլատիմիր Ռոկով յայտարարեց, որ շրջանի կարգավիճակին շուրջ հանրաքուէն, ըստ նախնական տուեալներու, կրնայ տեղի ունենալ սեպտեմբերին:
Ռոկով ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ամէն ինչ կ՛ուղղուի դէպի այն ճշմարտութիւնը, թէ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ, եւ ընտրական յանձնախումբեր կը կազմուին»:
Ան յայտնեց, որ չի բացառեր, որ Զապորոժիէի եւ Խերսոնի` Ռուսիոյ միանալուն շուրջ հանրաքուէները նոյն ատեն տեղի ունենան:
«Մենք խորհրդակցութիւններու մէջ ենք Խերսոնի մէջ մեր գործընկերներուն հետ, որովհետեւ մէկ բան կը կատարենք եւ իբրեւ մէկ ճակատ կը գործենք», աւելցուց Ռոկով: