ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ռուսիոյ Տումայի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) գործերու, եւրասիական համարկման ու հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ, երեսփոխան Կոնսթանթին Զատուլին «անպաaրկեշտ ջղագարութիւն» որակեց Ատրպէյճանի բողոքագիրը՝ ուղղած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ իր Արցախ այցելութեան վերաբերող։ Ըստ «Ինթըրֆաքս»ի՝ բողոքագիրին մէջ ատրպէյճանական կողմը խնդրած էր մեկնաբանել Զատուլինի «սադրիչ յայտարարութիւնները»՝ ուղղուած Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ», զորս ան կատարած է Արցախէն։ Հոն նաեւ խնդրանք կայ յստակացնելու, թէ ի՛նչ կարգավիճակով ռուս պատգամաւորը այցելած է Արցախ եւ ով ֆինանսաւորած է այդ այցելութիւնը։ Նշուած է նաեւ, որ Զատուլին կը կատարէ «մնայուն յայտարարութիւններ, որոնք կը հակասեն Ռուսիոյ քաղաքական դիրքորոշման՝ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին նկատմամբ: Ատրպէյճան դիտել տուած է, որ Զատուլին՝ իբրեւ պատգամաւոր, պատասխանատու է իր խօսքերուն եւ գործերուն համար, եւ կոչ ուղղած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ «անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկելու»:
«Ռիա Նովոսթի»ն կը տեղեկացնէ, որ Զատուլին, հակազդելով այս բողոքագիրին՝ ըսաւ. «Ատրպէյճան անընդհատ անպարկեշտ ջղագարութիւններ կը հնարէ այցելութիւններուն պատճառով: Ես զէնքի առեւտուր չեմ ըներ, այլ շրջանի խաղաղութեան օգտին կը գործեմ», նշեց ան։
«Ատրպէյճանական կողմին ոչ համարժէք ըլլալը արդէն ոչ ոքի կը զարմացնէ: Անոնք ո՛չ միայն իրենք իրենց իրաւունք կը վերապահեն վիրաւորելու, տարբեր բաներ վերագրելու, զրպարտելու, հրապարակաւ բաներ ըսելու այցելութիւններուն մասին, այլ նաեւ իրենք իրենց իրաւունք կու տան որոշելու, թէ ի՛նչ են մեր շահերը», ըսաւ երեսփոխանը։
Նշենք, որ 11 Հոկտեմբերին Կոնսթանթին Զատուլին Արցախի բարեկամներու համաժողովին յայտարարեց, որ Արցախը չի կորսնցներ իր պետականութիւնը, իսկ «Ռուսիա՝ իբրեւ պետութիւն, թոյլ չի տար Արցախի հարցի անարդար լուծման»: Ան վստահեցուց, որ Ռուսիա չի խրախուսեր Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ռազմական ուղին, այլ կ՛աջակցի խաղաղ կարգաւորման: