ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ- ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Յանուն՝ Միասնական,
Հզօր Հայաստանի
Հայ ժողովուրդ, դեռ որքան պիտի
տոկաս, պիտի պայքարիս տիրակալներու բռնութեան
ու մարդկային անարդարութեան դէմ:
Մինչեւ ե՞րբ ելքերով ու անկումներով պիտի դեգերիս
վախի, սարսափի արահետներուն մէջ:
Դուն, հաւատարիմ մարդկութեան ու արդարութեան,
դարձար խորհրդանիշ
մարտիրոսութեան:
Իսկ Թուրքը եղաւ հոմանիշ՝ բարբարոսութեան:
Ժամանակ մը կար վիճելու եւ պայքարելու:
Սակայն այսօր ժամանակը եկած է
պատասխանատուութեամբ շարժելու,
յանուն Հայոց կայուն ու հաստատուն
պետականութեան:
Մի՜ տարուիր ամենափոքր կայծէն ու ամենաչնչին
սադրանքէն, որ կրնան քեզ տանիլ չկշռադատուած
քայլերու :
Ձերբազատուիր ճնշուածի, զոհի բարդոյթէն,
ձեռք բերելու յաղթողի, ունակի եւ ուժեղի
հոգեբանութիւն:
Յիշէ՜ Մեծն Թումանեանը, որքան կը տագնապէր ազգին
հոգերով, երբ կը տեսնէր իր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ
բոյն դրած ախտերը, որ կը ջլատէին ազգին
ոյժերը: Խորապէս ցաւելով կ՜ըսէր,_
«Մեր ժողովուրդին մէջ սաստիկ
զարգացած է վրէժխնդրութեան զգացումը»:
Երկիր մը, որ «այսքան «կեղծաւորներ ու խարդախներ» ունի
« կեղծիք ու խաչագողութիւն ամէն տեղ ամէն տեսակի»,
« մարդը վրէժ առնելու համար կանգ չի առնում
ոչ մի միջոցի առջեւ»:
« Աւելի եւս զզուելին այն է, որ նա սիրում է վրէժը լուծել
ու հարուածը տալ ուրիշի ձեռքով՝ ինքը միշտ մութի մէջ»:
Միթէ՞ այսօր ինչ որ բան փոխուած է անցեալի
իրականութենէն:
Երբ պատմութիւնը կը կրկնուի նոյնութեամբ:
Ինչո՞ւ :
Որովհետեւ՝ Ռուբէն Սեւակի խօսքերով,_
« Մեր հնամենի նաւը դեռ ջուրերուն վրայ կը ծփայ,
երէկուան նաւակները մեզ արդէն անցան:
Պատճառը այն է՝ որ ղեկին գլուխը կը նստեցնենք մեր
է՜ն այլասերած ծնունդները»:
«ժամանակն է հակազդելու»…
Այո՜, «հակազդենք»:
Սթափի՜ր հայ ժողովուրդ, կանխելու երկրին
սպառնացող վտանգը:
Այսօր այն պահն է,
երբ ճակատագրական ողբերգութեան մը սպառնալիքը,
մեզմէ կը պահանջէ նոր հուն բանալ հայ
կեանքէն ներս:
Այսօր այն պահն է՝ վրէժ լուծելու
հաւաքական կամքով, Սարդարապատի շունչով
ու յաղթական երթով:
Հոն ուր մեր բոլոր քաղաքական ոյժերը պիտի
միաւորուին, միանման մտածեն, որպէսզի
ինքնավստահութեամբ նայինք ապագային :
Հոն ուր մեր կեանքին նպատակը պիտի դառնայ
արարել, որպէսզի չդառնանք անպաշտպան
փխրուն էակներ:
Այո՜, հաւատայ հայ ժողովուրդ:
Հաւատայ գալիք նոր արշալոյսի մը, նուաճելու
անժանանցելի, արդար իրաւունքներդ:
Հայու բազուկներով կառուցելու հաստատուն ,
Հզօր Հայաստանը…: