Անի Կարմիրեան
(Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի արեւմտահայերէնի տարածման աշխատանքի պատասխանատու) – «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
«Նոր Յառաջ» – Զարմանազանի ընդհանուր ծրագրին մէջ ներառուած էր նաեւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան յայտագիրը, համագործակցութեամբ՝ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային հիմնարկին (Ինալքօ)։ Ի վերջոյ անցնող երեք տարիներու ընթացքին մանկավարժական եւ նորարար արհեստագիտութեան մեթոտներով անոնք որոշ հմտութիւններ ձեռք ձգեցին։ Այսօրուան համաճարակի ստեղծած պայմաններուն մէջ, այդ ծրագրին մասնակցած ուսուցիչները որքանո՞վ յաջողեցան կիրառել իրենց փորձառութիւնը հեռակայ դասաւանդութեան ժամանակ։
Անի Կարմիրեան – Նախորդ տարիներուն՝ Զարմանազանի յայտագրի ընթացքին շեշտը մասնաւորապէս հեռակայ դասաւանդութեան վրայ չէր դրուած եւ ամէն պարագայի՝ միշտ չէ որ նորարար արհեստագիտութիւնը կը զուգադիպի նորարար մանկավարժութեան հետ։ Բայց այս փոփոխութիւններու գծով՝ ուսուցիչներէն բազմաթիւ արձագանգներ ստացանք։ Համաճարակի պատճառով ստեղծուած կացութիւնը անսպասելի էր բոլորին համար, երբ մէկ օրէն միւսը դպրոցները փակուեցան եւ կրթութիւնը ընդհանրապէս առցանց դասաւանդութեան վրայ հիմնուեցաւ։ Ամէ՛ն մէկ դպրոց եւ ամէ՛ն մէկ միջավայր կրցած չափով յարմարեցաւ պայմաններուն, տեղ-տեղ՝ շատ գործնական կերպով, նոր լուծումներ բերելով։
«ՆՅ» – Այս պայմաններուն մէջ, Սփիւռքի դպրոցներուն պարագային, տուեալ երկրի պետական կրթական ծրագրին առցանց անցումին զուգահեռ, հայերէնին ալ ժամանակ ու միջոց հայթայթելու հարցը կը ծագի…
Ա.Կ. – Անշո՛ւշտ։ Այդ մէկը կախեալ է դպրոցներու մէջ հայերէնի ծրագիրը ղեկավարողներու անվերապահ ներդրումէն։ Օրինակ՝ վերջերս Աթէնքի դպրոցներէն մէկուն մէջ՝ տնօրէնութեան եւ հայերէնի ուսուցիչներուն միջեւ համագործակցութենէն գոյացած արդիւնքը այնպիսի ձեւով ներշնչած էր միւս ուսուցիչները, որ անոնք կրթական մնացեալ ծրագրերը փորձեր էին համապատասխանեցնել հայերէնի համար որդեգրուած եղանակին։ Այսպիսի դրական երեւոյթներու կը հանդիպինք սակայն աւելի յաճախ հո՛ն ուր արդէն իսկ մանկավարժական առումով փոփոխութիւն գոյացած է։ Մարդկային հաղորդակցութեան առցանց պայմանները ինքնին արդէն կը փոխեն ուսուցիչ-աշակերտ կապերուն բնոյթը։ Եթէ դասարանը ուսուցչին շուրջ կեդրոնացած ու սովորական մեթոտներու վրայ հիմնուած էր, հիմա պէտք է միջոցներ որոնել աշակերտին հետ նոր տեսակի կապեր հաստատելու համար։ Իսկ հո՛ն ուր արդէն աշակերտակեդրոն էր, ուսուցիչը ուղեկիցի դեր ստանձնած ըլլալով՝ շատ աւելի հանգիստ կրնայ առցանց շարունակել հաղորդակցութիւնը։ Ա՛յս կեցուածքն է, որ Զարմանազանը որդեգրած է որպէս սկզբունք, փորձած է իրագործել ճամբարի ընթացքին եւ սորվեցնել ուսուցիչներուն ուղղուած դասընթացքի ծիրէն ներս։
«ՆՅ» – Կ՚ենթադրեմ, որ մինչեւ հիմա տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական դպրոցներու մասին վիճակագրական տուեալներ չունինք իմանալու համար, թէ այդ կրթօճախները իրենք ընդհանրապէս հեռակապ աշխատանքի համակարգը ստեղծա՞ծ են, թէ՞ ոչ, որպէսզի ի պահանջել հարկին օգտագործեն զայն։ Օրինակ՝ Ֆրանսայի պարագային կարգ մը դպրոցներու մէջ իբրեւ պետական կրթական ծրագիր այդ դրութիւնը արդէն հաստատուած ըլլալով՝ համաճարակի օրերուն աշակերտները շատ արագ կրցան առցանց ստանալ իրենց օրուան դասը եւ փոխադարձաբար իրենց կատարած վարժութիւնները ղրկել ուսուցիչներուն։ Ասոր կողքին, շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ ալ դասընթացքը ուղղակի առցանց տեղի կ՚ունենար։ Այսինքն այս երկու դրութիւնները՝ դասերու ամէնօրեայ առաքումը յատուկ համացանցային նամակատուփով եւ առցանց դասարաններու հաստատումը, զուգահեռաբար կ՚աշխատէին, ինչ որ ծնողներուն համար մեծ անակնկալ մըն էր։ Հարցումը հետեւեալն է. հայկական դպրոցները արդեօք հեռակայ աշխատանքի համակարգը հաստատա՞ծ են, թէ՞ ոչ։ Իսկ եթէ այդ համակարգը արդէն գոյութիւն ունի, որքանո՞վ հայերէնի դասաւանդութեան պահերը ներառուած են ծրագրին մէջ։
Ա.Կ. – Սփիւռքի դպրոցները Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ֆրանսա, Արժանթինէն մինչեւ Գանատա տեղական եւ տնտեսական պայմաններուն ենթարկուած են։ Հեռակայ աշխատանքի համակարգի մը հաստատումը եւ յաջող կիրարկումը կախեալ են տուեալ պայմաններէն։ Եթէ ձեր ըսածը հայերէն լեզուով հեռակայ տուն-դպրոց կայուն հարթակներ ստեղծելու մասին է, հաւանաբար քիչերը պատրաստ էին այդ հրուանդանը անցնելու։ Բայց կը վստահեցնեմ ձեզի. ամէն կողմ՝ հայերէնով շատ մը դասաւանդողներ արագ եւ աշխուժ ձեւով յարմարեցան նոր կացութեան, եւ յաճախ կարողացան ծնողներուն հետ իրենց հաղորդակցութիւնը զօրացնել ու խմբային աշխատանքին ուժ տալ, հեռակայ դասաւանդման դրական ձեւեր ստեղծելով կամ որդեգրելով։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ հաստատուած «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին ցոյց տուած արդիւնքը փաստն է ա՛յդ աներեւակայելի աշխուժութեան։ Մէկ ու կէս ամսուան ընթացքին հարիւրէ աւելի ուսուցիչներ մասնակցեցան մրցանակին։ Փափաքը, կարողութիւնը, ձիրքը՝ բոլորը կա՛ն ու կա՛ն։ Ուրեմն այս նոր փորձառութենէն անդին է որ պիտի ստեղծուի թերեւս աւելի մնայուն ցանցային համակարգ մը, շնորհիւ նոր յայտնուած այս եռանդին։
«ՆՅ» – Յառաջիկայ Օգոստոսին պիտի կայանար Զարմանազանի չորրորդ ճամբարը, որ համաճարակի պատճառով պիտի վերափոխուի առցանց հարթակի։ Կրնայի՞ք մանրամասնութիւններ հաղորդել։ Ինչպէ՞ս պիտի վերակազմակերպէք այդ հսկայական աշխատանքը։
Ա.Կ. – Պայմաններու բերումով Զարմանազանը ձեւ ու կերպարանք փոխեց եւ դարձաւ «Զարցանց 2.0»։ Այս ծրագիրը Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութեան համար աննախընթաց մարտահրաւէր մըն է։ Ինչպէս ըսի՝ առցանց աշխատիլը ձեւով մը Զարմանազանի ծրագրէն դուրս կ՚իյնար։ Մինչեւ իսկ տեղւոյն վրայ հեռաձայններու եւ համակարգիչներու գործածութիւնը սահմանափակ էր։ Խորքին մէջ Զարմանազանը կապ մըն էր որ սկսած էր տարիէ-տարի ամրապնդուիլ ու զարգանալ երիտասարդներու եւ ուղեկիցներու միջեւ եւ այդ կապը ձեւով մը շարունակական էր։ Չուզեցինք որ ստեղծուած կապը փրթի։ Ճիշդ է՝ «Զարցանց 2.0»-ը որոշ չափով անկախ պիտի ըլլայ Զարմանազանէն, բայց կ՚ուզէ հաւատարիմ մնալ նոյն մանկավարժական սկզբունքներուն, գիտակից ըլլալով հանդերձ որ խաղին օրէնքները բոլորովին տարբեր են։ Պէտք է կարենանք ապաւինիլ Զարմանազանի փորձառութեան, հոն ստեղծուած կապերուն. խորհիլ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է անոնց հիման վրայ ծրագրեր մշակել։ Կեդրոնական սկզբունքը նոյնն է. մասնակիցներուն մօտ ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնել եւ այդ նպատակով անոնց միջեւ կապերը ամրացնել։ Կը խորհինք որ այս նոր փորձառութիւնը անսպասելի դրական հետեւութիւններ պիտի ունենայ մօտ ապագային։ Զարցանցի նոր ստեղծած առցանց հայախօս վայրը մուտք պիտի գործէ տուներէն ներս եւ այդպէսով լեզուի գործածութիւնը պիտի ամրապնդուի մտերիմ միջավայրի մէջ։ Լեզուն նաեւ պիտի դառնայ անձերու միջեւ առցանց լեզու մը։ Օրինակ՝ Զարմանազանի ձայնասփիւռ՝ «Զարմանաձայն»-ը պիտի փոխադրուի նոր հարթակի վրայ եւ պիտի ընդգրկէ զանազան վայրերու մէջ գտնուող մասնակիցները։ «Զարցանց»-ը նաեւ կրնայ տարուան ընթացքին առցանց առօրեայ լեզու մը ունկնդրելու առիթ հանդիսանալ։ Այս բոլորը խմբային լուրջ աշխատանք կը պահանջէ։ «Զարցանց»-ը կ՚ուզէ վայր մը ըլլալ, ուր պատանիներ եւ երիտասարդներ ծանօթանան, մտերմանան եւ կարենան միասնաբար մտածել, խաղալ, երեւակայել, հարցադրել, փորձարկել, ստեղծել։ Այս գիծով արդէն իսկ բոլոր մասնակիցները, մեծ ու պզտիկ, ուղեկիցներուն հետ միասին կանոնաւոր եւ կազմակերպուած ձեւով առցանց հանդիպումներ («մտերմուկ»-ներ) սկսած են ունենալ, որպէսզի իրարու ծանօթանան Զարցանցին սկսելէն առաջ։
«ՆՅ» – Քանի՞ հոգի կը մասնակցի «Զարցանց»-ին։
Ա.Կ. – Ուղեկիցները 25 հոգի են եւ պաշտօնապէս մասնակցող աշխատակիցներու կորիզը 30-է աւելի է։ 18-էն վեր երիտասարդներու թիւը 23 է՝ Պէյրութէն, Պոլիսէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն…։ Իսկ պզտիկներուն խումբը 40-ի շուրջ է, որուն կէսէն աւելին նորեր են։
«ՆՅ» – Ծնողներն ալ ձեւով մը մասնակից են այս առցանց ճամբարին։ Անոնք պէտք է տան մէջ յարմարութիւններ ստեղծեն իրենց զաւակներուն համար…։
Ա.Կ. – Այո՛, ճիշդ այդպէս է։ Ծնողք, պատանի եւ երիտասարդ բոլորն ալ խանդավառ են եւ չեն ուզեր որ իրենց միջեւ ստեղծուած շղթան փրթի…։ Պէտք է ըսել, թէ Զարցանցի կազմը կարողացաւ շատ կարճ ժամանակի մէջ վերստեղծել եւ վերակազմակերպել ճամբարի եղանակը։ Զարմանազանին մասնակցող ուղեկիցներու եւ երիտասարդներու հետ տեսերիզ մը պատրաստուեցաւ (https://zarmanazan.org) ուր կը բացատրուի «Զարցանց»-ին նպատակը։ Այնուհետեւ՝ ինչպէս մասնակիցները, այնպէս ալ ծնողները օրը-օրին տեղեակ կը պահուին ծրագրի ընթացքի մասին։
«ՆՅ» – Մէկ խօսքով կարելի է ըսել, թէ «Զարցանց»-ը նորութիւններով եւ անակնկալներով լեցուն փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ…։
Ա.Կ. – Այո՛։ Բայց որպէսզի «Զարցանց»-ը յաջողի՝ պէտք է ո՛չ միայն մտերմութիւն ստեղծել, այլեւ համացանցային ժամանակը լաւապէս օգտագործել։ Նուազագոյնի իջեցնել զայն, որպէսզի մասնակցողները իրենց կեանքը համակարգիչներու առջեւ չանցընեն։ Նաեւ՝ խմբային պայմաններէ ներս պէտք է անհատական ստեղծագործութիւնը կարելի դարձնել, ատոր համար պէտք է նաեւ խմբային յիշողութիւն մը գոյացնել։ Իսկ այս բոլորը բնականաբար միշտ հայերէն լեզուի ընդմէջէն։
«ՆՅ» – Խորքին մէջ «Զարցանց»-ը մարտահրաւէր մը պիտի ըլլայ ամառնային ճամբար կազմակերպող բոլոր այն տեղական ու հայ կազմակերպութիւններուն համար, որոնք կ՚ուզեն այս փորձառութիւնը ապրիլ։ Անոնք ձեր գծած նոյն ճանապարհէն պիտի անցնին։ Այս առումով հետաքրքրական պիտի ըլլայ տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ զանազան լուծումներու ուսումնասիրութիւնը…։
Ա.Կ. – Անշուշտ կարելի է ձեր ըսածը։ Ի դէպ, կ՚ուզէի երկու բառով անդրադառնալ նաեւ մեր կողմէ ծրագրուած, բայց ժահրին պատճառով յետաձգուած կամ ջնջուած նախաձեռնութիւններուն։ Անոնցմէ էր՝ Զարմանազանի Ինալքոյին հետ միասին կազմակերպած Սփիւռքի հայերէնի ուսուցիչներու դասաւանդման ծրագիրը, որուն մասին ակնարկեցիք դուք մեր խօսակցութեան սկիզբը։ Ան հիմնուած ըլլալով միեւնոյն ժամանակ Զարմանազանի մասնակցողներուն հետ փոխներգործութեան վրայ, կարելի չէր իրագործել։ Յիշենք նաեւ որ Զարմանազան 2019-ի մասնակցող երիտասարդներուն համար նախատեսուած երկու աշխատանոցներ եւս (մէկը՝ խմբովին թատերական տեսերիզներ պատրաստելու, միւսը՝ Ինալքոյի հետ միասնաբար խմբովին գրական աշխատանք տանելու համար յղացուած), որոնք Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենային Մարտ 19-էն Ապրիլ 1, ջնջուեցան։ Սակայն այս երկուքը առցանց աշխատանոցներու վերածուեցան եւ մինչ օրս՝ մեծ խանդավառութեամբ կը գործեն։ Արդիւնքները պիտի տեսնէք ի մօտոյ։ Այդ մասին ալ յոյսով եմ՝ կը զրուցենք ուրիշ առիթով։ Խորքին մէջ՝ «Զարցանց»-ը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է շնորհիւ այդ ծրագրերուն։
Հարցազրոյցը վարեց՝
Ժիրայր Չոլաքեան ■