Դրացի պետութիւններու հետ զերոյական խնդիրներու ձգտող թրքական դիւանագիտութիւնը օրըստօրէ կը բացայայտէ իր իսկական դիմագիծը: Արտաքնապէս անմեղունակ թուացող Անգարայի այս քաղաքականութեան հիմնապատճառը Թուրքիոյ տնտեսոթեան ոչ բարւոք վիճակն է, օրէ օր աճող գործազուրկներու թիւը եւ բանակին ազդեցութենէն իշխանութիւնը աստիճանաբար հեռացնելու, քաղաքական կեանքին մէջ բանակին հեղինակութիւնը թուլացնելու մղումը:
Եւրոպական Միութեան դուռերը իր առջեւ ի սպառ փակուած Անգարայի իշխանութիւնները տնտեսական երկարաժամկէտ լուծումներ կը փնտռեն իրենց երկրին համար: Յուսախաբª եւրոպական ընտանիքին կեցուածքէն, Թուրքիա քաղաքական նոր ուղեգիծ մը ընտրեց իրեն համար եւ հայեացքը ուղղեց դէպի Միջին Արեւելք, հարաւային Կովկաս:
Ի դէպ, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ յոյսերուն վերջին հարուածը հասցուց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, երբ քանի մը օրեր առաջ յայտարարեց, թէ Թուրքիան չի տեսներ եւրոպական ընտանիքին մէջ: Փոխարէնըª Սարքոզի, միջերկրական պետութիւններու միութեան մէջ դերակատրութիւն մը յանձնարարեց Անգարային:
Տոլարի, եուրոյիª միջազգային այլ դրամանիշներու առջեւ արժեզրկուող լիրան, Թուրքիոյ իշխանութիւններու մղեց նոր շուկաներ որոնել Միջին Արեւելքի մէջ: Այստեղ ծագեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաուտօղլուի զերօ խնդիրներու խելամիտ առաջարկը…: Անգարա սկսաւ տնտեսական գործընկերներ փնտռել Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ£ Տաւուտօղլու աւելի յաճախակի սկսաւ այցելել արաբական մայրաքաղաքներ: Քարոզչական գետնի վրայ, Անգարա սկսաւ գովերգել ՙդարերէ եկած՚ արաբ-թրքական անգոյ պատմական բարեկամութիւնը: Արաբական աշխարհին մէջ ոմանք գինովցան նէօ օսմանիզմի վերածնունդէն, մոռնալով 14-րդ դարէն մինչեւ օրս, օսմանական կայսրութեան սուլթաններէն ու փաշաներէն արաբական աշխարհին ճաշակած ահադողն ու կոտորածը: Օսմանական նոր թափանցումին դէմ առաջին հակազդեցութիւնը եկաւ Եգիպտոսէն, ապաª Սէուտական Արաբիայէն: Ողջունելով հանդերձ Թուրքիոյ նոր քաղաքականութիւնը, վերոյշիեալ պետութիւնները վճռականօրէն մերժեցին արաբական աշխարհի ներքին գործերուն թրքական որեւէ միջամտութիւն: Սակայն զերօ քաղաքականութեան վարպետները չլսել ձեւացան Ռիատի ու Գահիրէի կեցուածքները: Անոնք Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի հետ յայտարարեցին տնտեսական համագործակցութեան միութիւն մը, խոստանալով ոչ շատ հեռու ապագային առանց անցագրի մուտքի դրութիւն մը ստեղծել ՙչորս եղբայրական՚ պետութիւններուն միջեւ: Անհրաժեշտ է այսօր հարցնել Տաւուտօղլուին, թէ ինչպիսի՞ ճակատագիր ունեցաւ տնտեսական այս միաւորը:
Պատմականօրէն Համասի հետ սերտ յարաբերութիւններ պահանջող Անգարան, կեղծ հռետորութիւն դրսեւորելով, փորձեց սիրաշահիլ արաբ ժողովուրդը եւ օգտագործեց պաղեստինեան խաղաթուղթը: ՙԱզատութեան նաւատորմիղ՚ի միջադէպին մէջ նոյնքան եւ աւելի յանցաւոր է Թուրքիան, որ հակառակ Իսրայէլի նախնական սպառնալիքներուն, նախազգուշացումներուն փորձեց արաբական դատին փշրել Կազայի դէմ հաստատած իսրայէլեան շրջափակումը: Մենք երբեւիցէ կասկածի կամ սակարկութեան նիւթ չենք դարձուցած պաղեստինցի ժողովուրդին պետականութիւն ունենալու արդար իրաւունքը, սակայն կը դատապարտենք ժողովուրդներու արդար դատերու շահագործումը, ինչպէս կը դատապարտենք թուրք-իսրայէլեան հակամարտութեան մէջ Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան շահարկումը:
Շատ փափաքելի պիտի ըլլար, որ իրաւունքի, ժողովուրդներու ինքնորոշման, ժողովրդավարութեան, արդարութեան մասին յորդորներ եւ խրատներ թելադրող Էրտողանը ակնարկ մը նետէր Թուրքիոյ ոչ շատ հեռու անցեալին եւ փորձէր պատասխաններ փնտռել հայ, քիւրտ, ասորի, յոյն եւ այլ ժողովուրդներու դէմ իր նախորդներուն գործած վայրագութիւններուն:
Զերօ խնդիրներու մունետիկ Թուրքիան հազարաւոր խնդիրներ ստեղծած է իր սահմանակից պետութիւններուն հետ£ Սկսելով, Հայաստանէնª Ատրպէյճանի հետ ՙմէկ ժողովուրդ՚ յայտարարող Թուրքիան, Լեռնային Ղարաբաղի անձնատուութեամբ եւ նախկին կարգավիճակին վերադարձով կը պայմանաւորէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացումը: Նոյնինքն զերօ խնդիրներու նախանձախնդիր Թուրքիա արդէն քսան տարիէ ի վեր տնտեսական շրջափակում յայտարարած է Հայաստանի դէմ:
Զերօ խնդիրներու ջատագով Թուրքիան յաճախակի կերպով կþոտնակոխէ Իրաքի գերիշխանութիւնը եւ միւս կողմէ քիւրտերուն եւ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան դէմ կը հրահրէ թուրքոմէնները…:
Զերօ խնդիրներու յանձնառու Թուրքիան իր հողերուն վրայ հրթիռային համակարգեր տեղադրելու կանաչ լոյս կու տայ Ուաշինկթընին, սպառնալով Հայաստանի, Իրաքի, Իրանի, Սուրիոյ ազգային անվտանգութեան:
Զերօ խնդիրներու ջատագով Թուրքիան դերակատարութիւն կը փնտռէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն մէջ:
Զերօ խնդիրներու կողմնակից Թուրքիան կþանտեսէ Կիպրոսի գերիշխանութիւնը եւ ՙծովային բարիքներ՚ կը փնտռէ Կիպրոսի ջուրերուն մէջ: Նախնական շրջանին Լիպիոյ դէմ արտաքին միջամտութիւններու ընդդիմացող Անգարան առաջիններէն եղաւ Լիպիոյ Փոխանցման Խորհուրդը ճանչցողª Քազաֆիի ժամանակաշրջանին կնքած նաւթային համաձայնագիրները վերանորոգելու մտահոգութեամբ:
Զերօ խնդիրներու մարգարէները դիւանագիտական գետնի վրայ զերոյական մակարդակէն վեր չեն կրնար բարձրանալ այսօրուան դրութեամբ, եւ մխրճուած են շրջանային բազմաթիւ հակամարտութիւններու մէջ: Էրտողան, Տաւուտօղլու եւ եղբայրք նաեւ կը մոռնան, որ երկրի բնակչութեան առնուազն կէսը կը կազմեն քիւրտեր եւ ալաուիներ:
Տնտեսական ճգնաժամ ապրող Թուրքիա աղմկարարութենէ բացի ոչ մէկ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ շրջանային քաղաքականութեան մէջ: Թուրքիա նոր շուկաներ կը փնտռէ փրկելու իր զառամեալ տնտեսութիւնը: Այսօրուան դրութեամբ հեռանկարները այնքան ալ խոստումնալից չեն էրտողաններուն համար:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com