ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրը (GenEd) կը տեղեկանցէ, թէ Կիրակի, 8 Մարտին, կ.ե. ժամը 12։30-5, Սան Ֆրանսիսքոյի «Կալիլէօ» գիտութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ողջակիզման կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած՝ «Դիմադրութիւն Արուեստով» սեմինարին ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Զէյթունի Աւետարանին անհետացած 8 էջերուն ոդիսականը պիտի ներկայացուի շրջանի 7-12 դասարաններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներուն։
«Կալիլէօ»ի հասցէն է՝ 1150 Francisco St., San Francisco, CA 94109։
Հետաքրքրուողները կրնան արձանագրուիլ՝ այցելելով www.eventbrite.com/e/day-of-learning-2020-registration-87836995819 կայքէջը։