Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը 2017-ի ընթացքին փոխհատուցած է 37 զինծառայողի ընտանիքի. հիմնադրամի միջոցներէն փոխհատուցում ստացած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու ընթացքին 1-ին կամ 2-րդ խումբի հաշմանդամ դարձած 10 զինծառայող եւ 27 զոհուած զինծառայողի ընտանիք: Հիմնադրամը զոհուած եւ հաշմանդամ դարձած զինծառայողներու ընտանիքներուն փոխհատուցումը սկսած է 1 Յունուար 2017-էն:
Զոհուած զինծառայողներու ընտանիքները հիմնադրամէն միանուագ ստացած են 10 միլիոն դրամ, իսկ ամսական կը ստանան 200-300 հազար դրամ փոխհատուցում: Մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու ընթացքին զոհուած շարքային զինծառայողներու ընտանիքները ամսական կը ստանան 200 հազար, պայմանագրային զինծառայողներու ընտանիքները` 250 հազար, իսկ սպաներու ընտանիքները` 300 հազար դրամ:
1-ին խումբի հաշմանդամ զինծառայողները հիմնադրամի միջոցներէն միանուագ ստացած են 10 միլիոն դրամ, իսկ ամսական կը ստանան 200-250 հազար դրամ: 2-րդ խումբի հաշմանդամ զինծառայողները միանուագ ստացած են 5 միլիոն դրամ, իսկ ամսական կը ստանան 100-150 հազար դրամ:
Ընդհանուր առմամբ 2017-ի ընթացքին զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը հաւաքագրած է 5 միլիառ 827 միլիոն 982 հազար 595 դրամ գումար, իսկ տարուան ընթացքին կատարուած փոխհատուցումները կազմած են 388 միլիոն 500 հազար դրամ:
Տարուան ընթացքին բացի իւրաքանչիւր աշխատող քաղաքացիէ պահուող 1000 դրամներէն, հիմնադրամի հաշուին նուիրատւութիւններ կատարուած են: Ամենաշատ նուիրատւութիւնները կատարուած են Հայաստանէն` 70 միլիոն 913 հազար 349 դրամ, ֆրանսայէն` 7 միլիոն 279 հազար 500 դրամ, Կիպրոսէն` 4 միլիոն 810 հազար դրամ, Ռուսիայէն` 2 միլիոն 850 հազար 219 դրամ, Գանատայէն` 2 միլիոն 514 հազար 65 դրամ, Ռումինիայէն` 1 միլիոն 83 հազար 499 դրամ, Զուիցերիայէն` 518 հազար 700 դրամ, Քաթարէն` 298 հազար 840 դրամ: Նուիրուատուութիւններ կատարուած են նաեւ ԱՄՆ-էն` 186 հազար 520 դրամ, Գերմանիայէն, 152 հազար 600 դրամ, Դանիայէն` 50 հազար դրամ, Քորէայէն` 48 հազար 200 դրամ, Մեծ Բրիտանիոյ` 29 հազար 280 դրամ, Սլովաքիայէն` 25 հազար դրամ, Հոլանտայէն` 11 հազար 400 դրամ, Աւստրիայէն` 5 հազար դրամ, Շուէդէն` 5000 դրամ, Օմանէն` 1000 դրամ: Հիմնադրամին եւս 45 հազար 800 դրամի նուիրատուութիւն կատարուած է անյայտ երկրէ մը: Ընդհանուր առմամբ` հիմնադրամին կատարուած է 90 միլիոն 827 հազար 972 դրամի նուիրաբերութիւն:
Հիմնադրամին 12 միլիոն դրամ նուիրաբերած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմը, 3 միլիոն 168 հազար 150 դրամ` «Հայփոստ» ՓԲԸ-ն, 3 միլիոն դրամ ստացուած է անանուն նուիրատուէ մը: Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Կարապետեանը հիմնադրամին կատարած է 5 միլիոն 557 հազար 360 դրամի նուիրաբերութիւն, 5-ական միլիոն դրամի նուիրաբերութիւն կատարած են «Ռոսգոստրախ Արմէնիա» եւ «Ինգո Արմէնիա» ապահովագրական ընկերութիւնները: