ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Իշխան Մաթեւոսեան արձակուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ճարտարագիտական զօրքերու պետի եւ վարչութեան պետի պաշտօնէն:
Նախագահին այլ հրամանագիրով մը Արմէն Վարդանեան արձակուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու պետի եւ վարչութեան պետի պաշտօնէն: