ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամին 17 Յուլիսէն 21 Յուլիս կատարուած են շուրջ 160.728.000 դրամի նուիրատուութիւններ:
Ամէնէն շատ նուիրատուութիւններ կատարուած են Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն։
20 Յուլիսին, ի պատասխան բանակին աջակցիլ ուզողներուն բազմաթիւ դիմումներուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հիմնադրամին նուիրաուութիւն կատարելու կոչէն 10 ժամ ետք կատարուած էին շուրջ 1000 փոխանցումներ, ինչ որ կը նշանակէ, որ 40 վայրկեանը մէկ փոխանցում եղած է Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամին: