Մանուէլ Քէշիշեան
Աղջիկը լուռ մօտեցաւ զինուորի դիակին, նայեցաւ դէմքին եւ ժպիտ տեսաւ անոր պատռտած շրթունքներուն վրայ: Աղջիկը իր շրթունքներուն վրայ աչքերէն հոսող արցունքներուն աղի համը զգաց, բայց ժպտաց տղուն:
-Ինչպէ՞ս ես,-հարցուց տղան,կարծես սրբելով աղջկան արցունքները:
-Ո՞ւր ես,- Ինչո՞ւ գացիր,- հարցուց աղջիկը կշտամբանքով:
-Ուզեցի քեզ պաշտպանել, քու, իմ, բոլորիս հայրենիքը պաշտպանել:
-Ո՞ւր ես հիմա,-կրկին հարցուց աղջիկը:
-Մէջդ եմ, մարդկանց մէջ, անհունութեան մէջ, ամէն տեղ,-պատասխանեց տղան:
-Սուտ կը խօսիս, կը խաբես զիս… դուն չկաս այլեւս,-ճչաց աղջիկը:
-Կա՛մ,-ըսաւ տղան.-կա՛մ, փնտռէ զիս եւ կը գտնես,-աւելցուց:
Տղուն ընկերները եկան եւ զինք ուսամբարձ տարին:
-Մի՛ երթար,-լացաւ աղջիկը:
-Չեմ երթար, մէջդ եմ,-ըսաւ տղան հեռանալով:
Աղջիկը լսեց տղուն ուշակորոյս մօր ճիչը: Աղջիկը ինքն ալ ուշակորոյս վիճակ մը ունէր, սակայն վազեց եւ ջուր բերաւ, սրսկեց մօր երեսին, յետոյ բաժակը մօտեցուց անոր անգոյն շրթունքին:
-Խմէ՛, հաճիս կաթիլ մը ջուր խմէ, ինք հոս է, տե՛ս, ան կը ժպտայ… իրաւ ալ տղան երկուքը կը դիտէր անսահման գուրգուրանքով եւ ժպիտով: Զարմանալիօրէն պատռած շրթունքի վէրքերը արագօրէն կը բուժուէին:
Յաջորդ օր աղջիկը տեսաւ ծերունի մը, որ ձեռքը ծանր կապոց մը բռնած կ’ուզէր փողոցին միւս կողմը անցնիլ: Աղջիկը անոր ձեռքէն առաւ կապոցը եւ թեւանցուկ օգնեց հատելու փողոցը: Աղջիկը տեսաւ, որ զինուոր տղան բռնած էր ծերունիին միւս ձեռքը եւ կը ժպտար: Ինքն ալ ժպտաց:
Ուրիշ անգամ, տեսաւ իրենց դրացիին լացող փոքրիկ մանչուկը, մօտեցաւ անոր, խօսեցաւ հետը, քիչ մը խաղցաւ հետը: Տղան ուրախ-ուրախ վազեց տուն: Յետոյ յաճախ կը խաղային իրար հետ, երեքով՝ փոքրիկը, ինքը եւ զինուոր տղան:
Այսպիսի դէպքերը կրկնուեցան: Զինուոր տղան սուտ չէր խօսած, ինք աղջկան էութեան մէջն էր:
Օր մըն ալ երեկոյեան կը քալէին՝ ինքն ու տղան: Փողոցը իրենցմէ բացի ոչ ոք կար: Հեռուէն տղայ մը երեւցաւ, մօտեցաւ եւ բարեւեց:
Ծանօթացան իրար եւ սկսան երեքով քալել:
Ինչ լաւ երեկոյ էր: Երկուքո՞վ, թէ՞ Երեքով, թեւանցուկ կը քալէին եւ միասին կը վայելէին լռութեան սքանչելի երաժշտութիւնը: