ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 199
Թոյլ տուէք արտայայտուելու՝ ոչ բոլոր հայերը տեղեակ են Զմիւռնիոյ (Իզմիր) քաղաքի ողբերգութեան: Ընթերցողէս պատրաստ եմ անմիջապէս ներողութիւն խնդրել, եթէ պնդէ հակառակը:
30 հոկտեմբեր 1918-ին, Մուտրոս կղզիին մէջ, Թուրքիա զէնքերը վար դրաւ Դաշնակիցներուն առջեւ: Զինադադար կնքուեցաւ անգլիացի ծովակալ Սոմըրսէթ Քալթորփի եւ վարչապետ Իզզէթ փաշայի միջեւ: Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Մ. Նահանգներու դրօշակները սկսան ծածանիլ Պոլսոյ եւ այլ շրջաններու մէջ: Փաստօրէն կործանած էր Օսմանեան կայսրութիւնը:
Դաշնակիցները Յունաստանի իշխանութիւններուն յանձնած էին յունական Զմիւռնիայի հոգատարութիւնը: Այս միջոցին Յունաստանի ազատագրական պայքարի երեւելի դէմքերէն, Պալքանեան պատերազմներու (1912) յաղթանակի կերտիչ, վարչապետ Վենիզելոս յաջողեցաւ Դաշնակիցները համոզել,– յատկապէս Բրիտանիան,– արտօնելու յունական զօրքերու մուտքը Փոքր Ասիա:
Փարիզի հաշտութեան ժողովին նախագահ, Ֆրանսայի վարչապետ Ժորժ Քլեմանսօ ընդունեց Թուրքիան բաժնելու Վենիզելոսի ծրագիրը: Դժբախտաբար, Քլեմանսոյի կառավարութեան անկումէն ետք, անոր յաջորդները թրքամէտ քաղաքականութիւն վարեցին: Յունաստանի վարչապետը կ’ենթադրէր, որ Դաշնակիցները միշտ պաշտպան պիտի կանգնին յունական բանակին:
Պարտուած թուրքերը համակերպած էին Դաշնակիցներուն յաղթանակին, սակայն նուաստացում կը նկատէին յունական զօրքերու Փոքր Ասիա մուտքը:
Վենիզելոսին նոյնպէս նոյն ճակատագիրը կը սպասէր: Ան ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս պարտութիւնը անկիւնադարձային դերակատարութիւն ունեցաւ Զմիւռնիա քաղաքին վրայ:
Գահէն հեռացուած Կոստանդին թագաւորը՝ Գերմանիոյ Վիլհելմ Բ. կայսրին քեռայրը, վերագրաւեց Յունաստանի գահը: Ան վարչապետի պաշտօնին կոչեց Վենիզելոսի թունդ հակառակորդ Կունարիսը:
Յունաստանի մէջ ներքին պայքար մը ծագեցաւ թագաւորին եւ Վենիզելոսի կողմնակիցներուն մէջ: Պայքարը ջլատեց յունական բանակը:
Փարիզի հաշտութեան ժողովը յունական բանակին արգիլած էր Ուշաքի շրջանէն աւելի երթալ: Յունաստանին խոստացուած տարածութիւնը կը սահմանափակուէր Զմիւռնիոյ շրջանին մէջ, այն ալ ըստ Սեւրի դաշնագիրին՝ թրքական գերիշխանութեան տակ….:
Կոստանդին թագաւոր եւ յունական բանակի սպայակոյտը ստորագնահատեցին թուրքերուն ուժը: Անոնք չէին նկատեր, որ Դաշնակիցները արդէն փոխած են իրենց քաղաքականութիւնը եւ օգնութեան ձեռք կը մեկնէին երէկի թշնամի թուրքին…:
Դաշնակիցները բոլորովին իր բախտին ձգած էին Յունաստանը, որուն իշխանութեան գլխուն կեցած էր իրենց մեծ հակառակորդ Կոստանդինը…:
Այս զարգացումները լաւագոյնս շահարկելով ծնունդ առաւ Մուսթաֆա Քեմալի «միլլի» ազգայնական շարժումը:
Անոր բանակը Մոսկուայի օժանդակութեամբ առաջին առթիւ կ’ապահովէր իր թիկունքը՝ հաշուեյարդարի ենթարկելով « Իմփերիալիզմ»-ի միջնաբերդ Հայաստանը, 20 սեպտեմբերէն մինչեւ նոյեմբեր 1920: Քեմալի յաջորդ քայլը կ’ըլլար հարաւային ճակատին մաքրագործումը՝ 20 հոկտեմբեր 1920-ին Ֆրանքլին Պույյոնի հետ կնքելով Անգարայի դաշնագիրը, որուն հետեւանքով Կիլիկեան կը յանձնուէր թուրքերուն:
Արեւելքի եւ հարաւի վտանգերէն ձերբազատած թրքական բանակը իր ուժը պիտի կեդրոնացնէր Անգարա արշաւող յունական բանակին դէմ:
Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ ռազմական, նիւթական զօրակցութիւնը վայելող թրքական զօրագունդերը օգոստոս 1922-ին ընդհանուր յարձակողականի դիմեցին: Յունական բանակը բռնեց նահանջի ճամբան…: Թուրքերը վայրագօրէն հետապնդեցին նահանջող յոյն զինուորները … մինչեւ Միջերկրական ծով…
Այս բոլորը տեղի կ’ունենային Դաշնակիցներու անտարբեր ու մեղսակից աչքերուն առջեւ…
Զմիւռնիոյ նաւահանգիստին մէջ խարսխած եւրոպական նաւերը կը մերժէին ընդունիլ թրքական կոտորածներէն փախուստ տուող քրիստոնեաները:
Փողոցները լեցուած էին քրիստոնեաներու դիակներով: Զմիւռնիոյ յոյն մետրոպոլիտ Խրիսոսթոմոս կախաղանի վրայ վախճանելէ ետք, անոր դիակը քաշկռտուեցաւ եւ շուներու կեր դարձաւ: «Թ. Էֆքեար» թերթը, հրատարակելէ ետք յոյն հոգեւորականին կախուելու լուրը, թունաւոր շեշտերով կ’աւելցնէ. «Այս քահանան որ Մայր հայրենիքին հանդէպ շատ մը դաւաճանութիւններ ըրած է, աստուածային արդարութիւն էր անոր պատժուիլը»:
Թրքական բանակը հրկիզեց եւ կոտորեց Զմիւռնիա քաղաքի հայ եւ յոյն բնակչութիւնը: Հրդեհը քանդեց հայկական եւ յունական թաղամասերը: Յոյներուն կողքին հայերն ալ զոհ դարձան թուրք արիւնարբու բանակին բարբարոսութիւններուն:
Օտար ականատեսներ սահմռկեցուցիչ մանրամասնութիւններ կը պատմէին Զմիւռնիոյ արուարձաններուն մէջ ջարդերէն, աւերածութիւններէն, բռնաբարումներէն, հրդեհներէն, կողոպուտէն…
Ամերիկացի սպաներ եւ զինուորականներ կը վկայեն քեմալական զօրքերու տուներու մէջ մուտն ու ելքը՝ ձեռքերնին քարիւղի թիթեղներով եւ քուրջերով:
Ֆրանսական մամուլի մեծամասնութիւնը կողմնակալ եւ խեղաթիւրուած ներկայացուց Զմիւռնիոյ աղէտը՝ հայերուն վերագրելով քաղաքին հրդեհին պատասխանատւութիւնը:
«էքօ տը Փարի» եւ «Մաթէն», առաջինը իր 19 եւ երկրորդը իր 18 սեպտեմբերի համարներուն մէջ, Զմիւռնիոյ հրդեհը հայերուն եւ յոյներուն կը վերագրեն:
Ըստ ֆրանսական թերթերուն՝ ութ տարբեր տեղերէ սկսած է Զմիւռնիոյ հրդեհը: Հայերը ինչպէ՞ս պիտի կրնային ութ այլազան տեղերէ կրակի տալ քաղաքը, երբ պաշարման ենթարկուած էին հայկական թաղին մէջ եւ ինչո՞ւ պիտի այրէին իրենց բնակարանները եւ կալուածները:
Ֆրանսական մամուլը կը պատճառաբանէ հայերու դիմադրութիւնը եւ մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք ունենալու առասպելը: Եթէ այդ դիմադրութիւնը չընէին, անտարակոյս պիտի ունենային յունական եկեղեցիներու մէջ պատսպարուած յոյներու ճակատագիրը … ողջ ողջ այրիլ:
Քանի մը օրուան ընթացքին քանդուեցաւ յունական քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն Զմիւռնիան:
Մուսթաֆա Քեմալ ամբողջացուց Իթթիհատականներուն սկսած քաղականութիւնը՝ ընդմիշտ հեռացնելով քրիստոնեաները «թրքական» հողերէն:
Սակայն բոլորէն աւելի ընդվզեցուցիչը եւրոպական պետութիւններու ընթացքն էր, մանաւանդ Ֆրանսայի, որոնք Զմիւռնիոյ նման բարգաւաճ ոստան մը լքեցին որ քանդուի, փճանայ, չմիջամտեցին պատահած աղէտին եւ Նեղուցներու պաշտպանութեան հարցով նախընտրեցին զբաղիլ:
Զմիւռնիոյ աղէտէն քանի մը ամիս ետք, 1923-ի գարնան, Դաշնակից զօրքերը ամբողջութեամբ կը հեռանային Պոլիսէն, քեմալականներուն խիղճին յանձնելով Թուրքիոյ քրիստոնեաները:
Եւ այսպէս ոչ եւս դարձաւ Զմիւռնիան, ծաղկաւէտ այդ շրջանը, որ յաջողած էր կերպով մը փրկուիլ 1915-ի կոտորածներէն: Ի դէպ նշեմ, որ հայերը Զմիւռնիա հաստատուած են 11-րդ դարէն:
Փոքր Ասիան ալ գնաց այնպէս, ինչպէս Մեծ Հայքը կամ Փոքր Հայքը: Այլեւս ի՛նչ խօսք՝ փոքրամասնութիւններու մասին, որոնց անունով երդումներ կ’ըլլային 1914-էն ի վեր:
Անկարելի է չընդվզիլ, չըմբոստանալ եւ քաղաքակիրթ աշխարհի անքաղաքակրթութեան վրայ չողբալ:
Հայը անգամ մը եւս պիտի բռնէր Ցեղասպանութեամբ սկսած արտագաղթի ճամբան, ողբերգութեան ճամբան:
Ի’նչ օգուտ տրտունջներէն եւ լեղապատառ կանչերէն: Որքան ալ ընդվզեցուցիչ ըլլան այս բոլոր եղելութիւնները եւ ակներեւ՝ հայ ժողովուրդը այսօր
պարտաւոր է հաշուի առնելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մնայուն վտանգը: 1915-ին չեն աւարտիր Թուրքիոյ բարբարոսութիւնները: Անոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Մեզի կը մնայ արթուն հսկել եւ պաղարիւն գործել. Մէկ խօսքով՝ ինքնամփոփուիլ: Ուրիշ ճար չունինք, չարիքը սահմանափակելու համար: Անօգուտ է տարերային շուարումը, ինչպէս անօգուտ անցան անցեալի բոլոր անհաշիւ ծառայութիւններն ու միամտութիւնները:
Իզմիրը հրդեհը եւ երեք հարիւր հազար քրիստոնեաներու կոտորածը կը մնայ 20-րդ դարու եւ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն աղէտներէն մէկը: Եւրոպական պատմագիտութիւնը զայն անուանած է «հոլոքոսթ»:
Այստեղ կը յիշեմ հետեւեալը. Հայաստան ուսանած տարիներուս տարօրինակ մեկնաբանութիւններու հանդիպած եմ Զմիւռնիոյ (Իզմիր) կոտորածին վերաբերեալ՝ թուրք «փրկարարներ»-ը յաղթում են յոյն «օկուպանտներին«, նրանք նաեւ «փրկում են» Իզմիրը՝ զայն զաւթած թշնամուց (յոյներից)… քիչ մըն ալ ոգեւորուելով՝ «յոյները ցնծութեամբ ընդունեցին թուրք «ազատարարներին»: Այո, սեւով սպիտակի վրայ ցաւալի իրականութիւններ…: Մեր պատմագիտութեան մէջ բազմաթիւ են միակողմանի մեկնաբանութիւններն ու վերլուծութիւնները…: Որքան ծիծաղելի, նոյնքան՝ իրաւ…
Հայ եւ յոյն ժողովուրդները չեն կրնար մոռնալ քսաներորդ դարու մեծագոյն բարբարոսութիւններէն մէկը:
Երէց ընթերցողը շատ հաւանաբար լսած է Զմիւռնիոյ հայութեան դժբախտ ճակատագիրը: Մեր բոլորին պարտքն է երիտասարդ սերունդին փոխանցել պատմութեան այս դժբախտ էջը: