ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Գորիսի փոխքաղաքապետ Իրինա Եոլեան ահազանգեց, որ 28 Մարտին, կէս գիշրուան ժամը 1:30ին, Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբուն վրայ, «ադրբեջանցիները քարեր են նետել զոհուած զինծառայողների մարմինները տեղափոխող մեքենայի վրայ, ջարդել ապակիները»: Այս մասին ան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կապ հաստատեց նշեալ ինքնաշարժի վարորդին հետ: ըստ վերջինին՝ դէպքը տեղի ունեցած է «Շուշի» ենթակայանէն շուրջ երկու քիլոմեթր դէպի Բերձոր (Շուշի-Լիսագոր) հատուածին մէջ։ Ուժեղ մառախուղի պատճառով վարորդը չէ տեսած, թէ ո՛վ է հարուածողը, սակայն, ըստ անոր, հարուածները եղած են դիմացէն, ինչ որ կը նուազեցնէ ճամբուն մերձակայ ժայռերէն քարաթափման իբրեւ արդիւնք ինքնաշարժին վնասուիլը:
«Հաշուի առնելով, որ դէպքը արձանագրուել է Շուշի քաղաքի մերձակայքում, բարձր է հաւանականութիւնը, որ մեքենան քարկոծուել է ադրբեջանցիների կողմից: Կարեւոր է ընդգծել նաեւ, որ մեքենան տեղափոխում էր զոհուած զինծառայողների մարմիններ, այսինքն` իրականացնում էր հումանիտար գործառոյթ», կ՛ըսուի Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ ատպէյճանցիները քարեր նետած էին Մարտունիի շրջանի Մսմնայ գիւղէն Ստեփանակերտ վերադարձող ինքնաշարժին ուղղութեամբ՝ վնաս հասցնելով անոր։