ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 14 մայիսին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կառոյցներու՝ ԱՊՀ, ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման գործընթացին: «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հարցերու հասցէագրման պարունակին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան կարեւոր նկատեց հակամարտութեան բոլոր կողմերուն անվերապահ յանձնառութիւնը 21 ապրիլին Մինսկի խումբի համանախագահներուն մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ ընդունուած հինգկողմանի յայտարարութեան դրոյթներուն: