Յարութիւն Իսկահատեան – ՊԱՅՔԱՐ 112
Կարինի անկումէն ետք Զօրավար Անդրանիկ բնաւ չէր յուսահատած: Սակայն ան մտահոգ էր տարագիր հայութեան եւ Հայաստանի սահմաններու վիճակով եւ դժնդակ պայմաններու տակ գործունեայ աշխատանք կը տանէր փրկելու համար հայութենէն ինչ որ կարելի էր: Թէեւ ան իր հրաժարականը ներկայացուցած էր Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի նախագահի եւ Զինուորական հրամանատարի պաշտօններէն, սակայն միշտ ի մտի ունէր վերակազմելու զինեալ ոյժերը եւ դէմ դնելու թրքական հակահայ նենգ ծրագիրներուն: Հայոց Դիւցազնին շատ մեծ սքանչացող եւ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի ժամանակաւոր նախագահ՝ Պարոյր Լեւոնեան նոյն մտահոգութեամբ կը տառապէր ի տարբերութիւն այլ պատասխանատուներու, որոնք հատուածական նեղ հաշիւներով տարուած՝ կ’ուզէին Զօր. Արնդրանիկի հեռացումը: Այս մասին Լեւոն Թիւթիւնճեան կ’ըսէ. «Կուսակցական կիրքերէ տարուած ու փառասէր ղեկավարներ իրենք զիրենք համոզած էին թէ Անդրանիկի համբաւը իրենք է որ ստեղծած են ոչինչէն… եւ կրնան մատի հարուածով մը զայն ջնջել»: Պարոյր Լեւոնեան կրցած էր համոզել սոյն խորհուրդի անդամները Զօրավար Անդրանիկը կրկին հրաւիրելու, կազմելու համար նոր զինեալ գունդ մը: Այս նպատակաւ Պարոյր Լեւոնեան Զօրավար Անդրանիկին ուղղուած 27 Մարտ 1918 թուագրեալ հրաւէր նամակին մէջ կ’ըսէ. «Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդը աչքի առաջ ունէր տեսնել ձեզ առաջաւոր դիրքերում, ձեր անձնուէր ընկերներու հետ միասին, այս կրիտիկական րոպէին, երբ ամբողջ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը ահաւոր վտանգի առաջ է կանգնած»:
«Յուշեր -վաւերագրական Իրողութիւններ- Արհաւիրքի Ու Ազատագրական Պայքարի Տարիներէն» (Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հրատ., Պէյրութ, 1975) խորագրեալ յուշագիրքին հեղինակը՝ Լեւոն Թիւթիւնճեան Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի կարգադրութեամբ նախապէս մեկնած էր Պաքու, Էջմիածին ուԵրեւան եւ հաւաքագրած էր 2500 երիտասարդ Հայաստանի Արեւմտեան հատուածի բռնագաղթուածներէն ու իր հետ բերած էր Թիֆլիս Զօր. Անդրանիկի նորակազմ բանակին մէջ ծառայելու: Անոնք կը սպասէին ճակատ մեկնելու համար տեղի ունեցող կարգադրութիւններուն:
Լեւոն Թիւթիւնճեան կ’ըսէ թէ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի միջոցաւ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան անգլիական առաքելութեան հետ եւ այդ լոյսին տակ կը ծնի կարիքը Զօրավար Անդրանիկի հրամանատարութեամբ արեւմտահայերէ բաղկացած նոր զօրագունդի մը ստեղծման որպէսզի Պարսկաստան մտնէ դաշնակիցներու կողքին հայոց շահերը պաշտպանելով պայքարը շարունակելու համար մինչեւ յաղթանակ:
Զօրավար Անդրանիկ հիմնականօրէն մտահոգ էր Կարսի եւ Վանի պաշտպանութեան հարցով: Ան գիտէր թէ կարելէ էր Կարսը պաշտպանել հոն կայք դրած հայկական զօրագունդով, իսկ Վանի պաշտպանութիւնը դժուար հարց մըն էր եւ կ’ուզէր վասպուրականցիները ողջ առողջ առաջնորդել ապահով վայրեր: Դէպի Պարսկահայք ճամբուն վրայ Զօր. Անդրանիկ Ալեքսանդրապոլի մէջ հանդիպումներ կ’ունենայ զինուորական եւ ազգային ղեկավարներու հետ: Ան կը հեռագրէ Վան եւ կը յորդորէ այնտեղի պատասխանատուները նահանջելու որովհետեւ քաջ գիտէր թէ հայոց դիմադրութեան միջոցները շատ պակաս էին եւ նահանջելով միայն կրնային 20 հազար հայերու կեանքը փրկել: Կարսը պաշտպանելու կոչուած պատասխանատուները իրենց զինուորներով չեն ուզեր կռուիլ եւ կ’ուզեն նահանջել: Զանոնք համոզելու եւ դիմադրութեան մղելու Զօրավար Անդրանիկի ջանքերը ի զուր կ’անցնին: Հոն դաւադրութիւն մը տեղի կ’ունենար (տե՛ս Գէորգ Եազըճեանի հեղինակած «Կարսի 1920թ. Անկման Խորքային Պատճառները», Ա. հրատարակութիւն, Երեւան, 2007, 111 էջ, Բ. հրատարակութիւն, Երեւան, 2009, 115 էջ):
Թիֆլիսէն Վահան Թոթովենց եւ Լեւոն Թիւթիւնճեան Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդին կողմէ Ալեքսանդրապոլ կու գան եւ Առաջնորդարանին մէջ Զօր. Անդրանիկի հետ ժողով կը գումարեն: Այդ օրերուն զօրավարը տխուր ու ընկճուած էր: Լաւ գիտէր թէ այդ գայթակղալի պայմաններուն մէջ կարելի չէր դասալքութեան առաջքը առնել: Ինչպէս նախպէս Կարինի մէջ, այժմ Կարսի մէջ հսկայ քանակութեամբ կողոպտուած զէնքի եւ զինուորական պաշարի վաճառման դէպքերը բազմաթիւ էին: Ասոնց կը բարդուին նաեւ Թիֆլիս արսենալի (զինարան) վրայ գիշերային յարձակումներու եւ կողոպուտի պարագաներ: Կովկասի մէջ զէնքի առեւտուրը առասպելական համեմատութիւններու հասած էր: Նախապէս թուրքերն ու թաթարները դրամով կը գնէին իրենց զէնքերը: Սակայն անոնք Գանձակի ճամբուն վրայ տուն վերադարձող 20 հազար ռուս զինուորները զինաթափ ընելով եւ կողոպտելով տիրացան հսկայ քանակութեամբ զինամթերքի: Աւելորդ է ըսել թէ այս զէնքերը սկսան հայոց դէմ գործածուիլ 1918 ճակատագրական տարուան ընթացքին: Լեւոն Թիւթիւնճեան կ’ըսէ թէ Կովկասի հայոց տխուր պատկերը ծանօթ էր Զօր. Անդրանիկին եւ կ’աւելցնէ. «Այդ կացութեան մէջ վերահաս դժբախտութիւնը բացայայտ ըլլալուն էր որ Անդրանիկ վճռեց դուրս ելլել այդ ճահիճէն եւ շարունակել պայքարը տարբեր պայմաններու մէջ»: Պարսկահայքի հայ բնակչութիւնն ու գաղթակնները պաշտպանելու ծրագիրը Զօր. Անդրանիկ իրեն համար սեւեռուն ծրագիր մը դարձուցած էր: Թուրք ասկեարին պիղծ ոտքը Պարսկահայքի հողին վրայ կոխած էր եւ հայուն համար սպառնալիք դարձած: Ամէն գնով պէտք էր պայքարիլ նոր իրադրութեան դէմ եւ յաղթական դուրս գալ: Այս էր Զօրավար Անդրանիկի հաստատ որոշումը:
Ալեքսանդրապոլի Առաջնորդարանի շէնքին մէջ 1918-ի Ապրիլ ամսուան գիշերային զրոյցի մը ընացքին Զօրավար Անդրանիկ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի առժամեայ նախագահ Պարոյր Լեւոնեանի ուղղելով խօսքը, ուրիշ հայ պատասխանատուներու ներկայութեան կը գուշակէ Կարսի մօտալուտ անկումը օրուան տուեալներէն դատելով եւ կ’ըսէ. «Կարսը երեք շաբթուան կեանք ունի: Կարսը այնպէս մը պիտի յանձնէք, որ մէկ փամփուշտ, պարկ մը ալիւր, տուփ մը շաքար, նոյնիսկ պատառ մը հաց պիտի չկարենաք դուրս հանել…Կրկնեցէք որ խենթ եմ, եթէ ձեր աչքերը կոյր են տեսնելու համար թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ ձեր շուրջը, այն ատեն ապուշներ էք… Կարսը ձեռքէ պիտի ելլէ երեք շաբաթէն… Եթէ ըսածս չընէք, ժողովուրդը անօթութենէ եւ թշնամիին սուրէն պիտի կոտորուի… Ահա թէ ի՞նչ կ’ըսէ ձեզի խենթը…»: Զօրավար Անդրանիկ լաւ սերտած էր կացութիւնը եւ ճիշդ ըմբռնած՝ հակահայ դաւադրութեան տարողութիւնը: Լեւոն Թիւթիւնճեան իր յուշագիրքին էջ 359-ի մէջ կ’ըսէ. «Եւ Կարսը, Անդրանիկի մարգարէացման ձեւով, այդ յիշատակելի գիշերէն երեք-չորս շաբաթ ետք յանձնուեցա՜ւ թշնամիին: Երբ թուրքերը մտան Կարս, մթերանոցները հապճեպով բացուած եւ պաշարը դուրս թափուած էր, որովհետեւ փոխադրելու ժամանակ չկար, Կարսի փողոցները ճերմկած էին թափուած ալիւրի եւ շաքարի խաւէն»:
Զօր. Անդրանիկի նախքան Պարսկահայք ուղեւորուիլը, անոր հետ եղող սպաներն ու բարձրաստիճան զինուորները Ալեքսանդրապոլի մէջ իրեն թիկունք կը կնագնէին: Այս մասին Լեւոն Թիւթիւնճեան կ’ըսէ. «Անոնք հաւատարիմ ու քաջ զօրականներ էին, հոգիով նուիրուած իրենց դիւցազունին եւ հայ ժողովուրդին: Այս օրհասական օրերուն, անոնք բացարձակ նուիրումով ու վստահութեամբ մէկ նպատակ կը հետապնդէին, մեկ մտածում ունէին միայն: Անդրանիկ էր որ զիրենք կ’առաջնորդէր թշնամիին դէմ գերագոյն պայքարի եւ անոնք պիտի կռուէին մինչեւ իրենց վերջին շունչը: Այդ բոլոր յուսահատութիւններուն եւ դժխեմ հեռանկարներուն դէմ, ցցուն կը մնար հայու հոգին, անոր ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը՝ խորհրդանշուած Անդրանիկի մէջ»: Հայ ժողովուրդի վերապրելու եւ գոյատեւելու ստեղծագործ կամքին զօրութեամբ, «հայու հոգին անմահ կը մնայ հոգ չէ թէ մարդ արարածը մահկանացու է», կ’աւելցնէ Թիւթիւնճեան:
Զօրավար Անդրանիկի օրերէն մինչեւ օրս հայ ազգին մէջ գտնուած են եւ կան պատասխանատու դիրքերու վրայ եղող մարդիկ որոնք բնաւ ազգային գիտակցութիւն եւ նախանձախնդրութեան զգացում չեն ունեցած: Անոնք իրենց կեանքը կը վարեն իբրեւ անհատներ կամ անձնական ու հատուածական շահեր հետապնդող հաւաքականութիւններու պետեր: Այսպիսիներ միշտ խուսափած են պարտականութենէ եւ գործէ, նախընտրելով յարատեւ հանգիստն ու վայելքը: Անոնք միշտ դէմ եղած են ազգային ազատագրական պայքարին եւ դիմած են շողոքորդութեան, քծնանքի ու դատարկապորտութեան միջոցներով իրենց քարշելի գոյութիւնը տաքուկ անկիւններու մէջ պահելու: Այսպիսիներ չեն զլացած նաեւ պատեհապաշտաբար ուրիշներու գործը իւրեցնելու եւ զայն իրենց հեղինակութիւնը ներկայացնելու սին պարծանքով սոնքալու: Ահաւասիկ այս է պատճառը որ Զօրավար Անդրանիկ իր հոգին չաւանդած բացագանչեց՝ «Գործս կէս մնաց…»: Դժբախտաբար անոր կէս մնացած գործը շարունակող չգտնուեցաւ, իսկ հակազգային ղեկավար կոչուած հայեր արգելք եղան այդ գործը շարունակել ուզողներու գործունէութեան, ինչպէս արգելք եղած էին Զօրավար Անդրանիկի գործունէութեան եւ փորձած էին իւրացնել տասնամեակներու վրայ երկարող անոր ազգային նուիրեալ գործին արգասիքը: Պարագան նոյնն է երէկ եւ այսօր: Սակայն այսօր այժմէական հարցը այն է թէ ո՞վ պիտի շարունակէ Զօրավար Անդրանիկի կիսատ մնացած գործը…: