Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մոհամետ Պաքերի յայտարարած է, որ Իրան շրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պիտի չհանդուրժէ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին տեղեկացուցած է իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետը նշած է, որ իրենք Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղեն` իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու խաղաղ ճամբով` երկխօսութեան միջոցով:
«Մենք տագնապներու եւ պատերազմներու չենք ձգտիր, սակայն չենք լռեր, երբ պէտք է անոնց դէմ դնել», ըսած է ան: