ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Էդուարդ Ասրեան նշանակուեցաւ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար՝ հինգ տարի ժամկէտով: Նախագահի հրամանագիրը հրապարակուած է նախագահականի պաշտօնական կայքին վրայ:
Այլ հրամանագիրով մը Արթուր Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ:
Ասրեան նախորդ Մայիսէն սկսեալ կը վարէ Ընդհանուր հրամանատարութեան գլխաւոր վարչութեան պետի-ընդհանուր փոխհրամանատարի պաշտօնը:
Զինուած ուժերը երկար ժամանակէ ի վեր ընդհանուր հրամանատար չունէին: Արտակ Դաւթեան այս պաշտօնէն զերծ կացուցուած էր 24 Փետրուարին: Ան մեղադրուած էր բանակին ոչ-պիտանի հրթիռներ մատակարարելու քրէական գործով: