Երեքշաբթի, Օգոստոս 18-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Էլիզապեթ Մարքսի (Մարկոսեան) հեղինակած «Զաւէնին Ճակատագիրը» հատորին ներկայացումը։
ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «Զաւէնին Ճակատագիրը» պատմութիւնն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հեղինակի հօր եւ հիմնուած է անոր կողմէ գրի առնուան ինքնակենասագրութեան վրայ, որ հեղինակին կողմէ գտնուած է վերապողին մահէն ետք միայն։
Հատորը պիտի ներկայացուի հեղինակին կողմէ, իսկ հեղինակը պիտի ներկայացնէ Լու Սթօուըրզ։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ «Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։