ՄԱՔՐՈՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ
Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն քննադատեց արցախա-ազերիական հակամարտութեան հարցով Ազրպէյճանին աջակցող Թուրքիոյ յայտարարութիւնները:
Լաթվիոյ մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մաքրոն ըսաւ.« Ֆրանսա նախկինի նման խիստ մտահոգուած է վերջին ժամերուն Թուրքիոյ ռազմատենչ հաղորդագրութիւններով: Մենք չենք ընդունիր այս»:
Ֆրանսայի նախագահը յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը չորեքշաբթի երեկոյեան (այսօր) պիտի քննարկէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Մ. Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ ՝ իրավիճակին մասին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն զեկուցելէ առաջ:
Էմմանուէլ Մաքրոն յատուկ կոչ յղեց հայ ժողովուրդին՝ Հայե՜ր, Ֆրանսա կ’ունենայ իր դերակատարումը: