Մարդ մը, ունէր մէկ ուղտ ու մէկ էշ: Մարդը ուղտին ու էշին այնքան կ’օգտագործէ ու կ’աշխատցնէ, որ ուժաթափ վիճակի կը հասցնէ: Օր մը էշը կ’ըսէ,- Ուղտ եղբայր, պէտք է այստեղէն փախչինք, այլապէս մեր տէրը մեզի աշխատցնելով կը սպանէ:
-Շատ խելացի կը խօսիս, էշ եղբայր, երթանք, մեր գլուխները ազատենք, այս անխիղճ ու անգութ տիրոջմէն:
Ուղտը կում մը կ’առնէ, կը թքնէ տիրոջ դուռին վրայ, էշն ալ պոչը վեր կը քաշէ … տիրոջը շէմին:
Ուղտն ու էշը կ’արթննան լոյսը չբացուած, եւ քանի դեռ տէրը քնացած է, կը փախչին այնտեղէն:
Հիմա այս երկու եղբայրները իրենց քէֆին * թելերը կտրած, ազատ, ուր կ’ուզեն՝ կ’երթան: Կ’ուզեն՝ կը նստին, կ’ուզեն՝ կը պառկին, կ’ուզեն կը թաւալին, կ’ուզեն՝ կը քնանան: Տէր չունին, ընելիք չունին, ուտելիքն ալ առատ-առատ, արածէ ինչքան փորիդ մէջ տեղ ընէ: Երկուքն ալ կը գիրնան, ի վիճակի կ’ըլլան աշխատելու …քէֆէրնին քէֆ չի հասնիր:
Օր մըն ալ էշին քէֆը տեղն էր, կ’ըսէ,
-Ուղտ եղբայր, երգել կ’ուզէ սիրտս:
-Էշ եղբայր,-կ’ըսէ ուղտը, – առանց գինի խմելու յարբե՞ր ես: Ի՞նչ երգելու ժամանակ է, – կ’ըսէ,- տղուդ կը պսակե՞ս, թէ՞ աղջիկդ կը պսակես: Հարսանիքի չենք եկած: Դուն լաւ գիտես, որ քու ձայնդ ես շատ կը սիրեմ, բայց ամէն բան իր ժամանակին հաճելի է: Հիմա քու անոյշ ձայնը, որ լսեն, կուգան կը բռնեն մեզի կը տանին, այնքան կ՛աշխատցնեն, որ ուժաթափ ըլլանք:
-Ուղտ եղբայր, – կ’ըսէ էշը,- սիրտս երգել կ՛ուզէ, անկարելի բան է, պէտք է երգեմ:
Կ’ըսէ ու կը սկսի զռալը:
Ասոնց տէրը էշին ձայնը որ՝ կը լսէ, տեղւոյն վրայ կուգայ, երկուքին ալ կը տանի, այնքան կ՛աշխատցնէ, որ ուժաթափ վիճակի կը հասցնէ:
Էշն ու ուղտը անգամ մը եւս կը փախչին տիրոջմէն: Ճանապարհին գետի մը կը հանդիպին, բայց էշը այնքան յոգնած էր, որ չկրնար ջուրին մէջէն անցնիլ:
-Էշ եղբայր, – կ’ըսէ ուղտը, – եկուր քեզի շալկեմ, ջուրը անցնինք:
-Չես կրնար, ուղտ եղբայր, – կ’ըսէ էշը, – ծանր եմ, տէրս միշտ կ’ըսէր՝ այս էշը, որ սատկի, ասոր կաշին ուղտի մը չափ բեռ կ՛ըլլայ:
-Էշ եղբայր, – կ’ըսէ ուղտը, – դուն խելացի մարդ, ի՞նչպէս կը հաւատաս տիրոջդ խօսքին: Եկուր շալակս քեզի տանեմ:
Էշը կը նստի ուղտի շալակը: Երբ կը հասնին գետի մէջտեղը, ուղտը կ’ըսէ.
-Էշ եղբայր, պարել կ՛ուզեմ:
-Այդ ի՞նչ կ’ըսես, ուղտ եղբայր, – կ’ըսէ էշը, – իմ քուռակը, որ քուռակ է, այն ալ առանց զուռնա-տհոլի պար չի պարէր: Ամէն բան իր ժամանակին հաճելի է: Անցնինք ջուրի եզրը՝ ինչքան կ՛ուզես պար պարէ:
-Էշ եղբայր, – կ’ըսէ ուղտը, – անկարելի բան է, պար պարելս, որ եկեր է, պէտքէ պարեմ:
Կ’ըսէ ու կը սկսի պարել, երկուքն ալ ջուրը կ’իյնան, քիչ կը մնար, որ խեղդուէին: Էշը իր սարսափէն այնպիսի զռռոց կը քաշէ, որ տէրը կուգայ, կը հասնի օգնութեան եւ ասոնց կերպով մը գէտէն դուրս կը բերէ, յետոյ ձեռքը կ’առնէ հաստ երկար գաւազանը, տուր թէ կուտաս երկուքին ալ կը ծեծէ, որպէսզի դարձեալ չփախչին:
Ուղտը եւ ծեծը կ’ուտէ, եւ ալ կը մտածէ.
-Պատիժին արժանի եմ , – կ’ըսէ, – ես ինչու՞ լսեցի էշին, ինչու՞ իմ ծանր տեղս իջեցուցի, ինչու՞ փախայ տիրոջմէ՞ս, ո՞վ տեսեր է, որ խելացի մարդը իշու խելքով կ’ընէ իր ընելիքը:
Աղբիւր՝ «Արեւ» – Սուրէն Քոչարեանի մշակմամբ հայկական ժողովրդական հէքիաթներու ժողովածու։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ
Email: [email protected]
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
Ծանօթագրութիւն
* Քէֆ կը նշանակէ զուարթ տրամադրութիւն: