ՊՈԼԻՍ – «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Պատրիարքական Աթոռոյ տնօրինումը ի մասին Ս. եկեղեցեաց Պէյօղլուի
Ինչպէս ծանօթ է, այս օրերուն պոլսահայ համայնքը յուզող գլխաւոր նիւթն է քաղաքի պատմական Էսաեան վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիներուն պաշտօնազրկումը։ Այս հարցին ձեւով մը արդէն միջամուխ եղած էր Պատրիարքարանը խիստ բովանդակութեամբ հաղորդագրութեամբ մը, դատապարտելով պաշտօնազրկման որոշումը։ Իսկ Յունիս 4-ին, Պատրիարքարանը փորձած է պաշտօնազրկուած տնօրուհիներուն եւ զանոնք պաշտօնազրկող Պէյօղլուի Թաղային խորհուրդի պատասխանատուներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել, որուն սակայն չեն եկած Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Այս վերաբերումը խիստ անարգական համարելով՝ Պատրիարքարանը որոշած է այդ Թաղային խորհուրդի յանձանձման ենթակայ զոյգ եկեղեցիներուն՝ ցնոր տնօրինութիւն հոգեւոր հովիւ չղրկել։
Ստորեւ՝ այս մասին Պատրիարքարանի հաղորդագրութիւնը, նոյնութեամբ.-
«Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 Մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Սիմոն Չէքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի ու Օր. Առլին Եշիլթէփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած էր զիրենք հանդիպման համար։
Կողմերը ընդառաջած էին հրաւէրին ու հաղորդուած էր, թէ հանդիպումը պիտի կայանար Պատրիարքարանի մէջ, բնականոնացման ընթացքէն ետք։
Այսօր՝ 4 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 09.15ին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարտուղար Տիար Վաղարշակ Չիլճեան Պատրիարքարանի քարտուղարութեան հետ հեռախօսային կապ հաստատելով տեղեկացուցած էր թէ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդէն Տիար Սիմոն Չէքէմ եւ Տիկին Պէրրին Տայան պիտի չմասնակցէին ժամը 11.00-ին կայանալիք ժողովին։
Ժողովականներ ցաւ յայտնած էին, թէ առ ոչինչ համարուած էր Պատրիարքական Աթոռի եւ հանրային կարծիքի երկխօսութիւն հաստատելու կամքը, որ նաեւ ուղղակի անարգանք էր Նուիրապետական Աթոռոյս նկատմամբ։
Ի տես սոյն անարգական կեցուածքին թէ՛ Աթոռոյս եւ թէ՛ համայնքիս դրսեւորած կամքին նկատմամբ, Նորին Ամենապատուութեան տնօրինումով Պէյօղլուի զոյգ եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւներ ցնոր տնօրինութիւն կը դադրին պաշտօնավարելէ Թաղային Խորհրդոյ խնամքին յանձնուած Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն ու Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցեաց մէջ։
Նոյն ուղղութեամբ ցնոր տնօրինութիւն չեն կատարուիր խորհրդակատարութիւններ եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններ յիշեալ եկեղեցեաց մէջ։ Սակայն, նախապէս հրաւիրագիր բաժնուած 28 Յունիս 2020 թուակիր Ս. Պսակի արարողութիւնը հարկադրաբար պիտի կատարուի։
Միւս կողմէ, բնականաբար բաց են եկեղեցիները անհատական աղօթքի ու մոմավառութեան համար։
Կու գանք տեղեակ պահել մեր համայնքի անդամները, որոնք յառաջիկայ օրերուն կը ծրագրեն Ս. Պսակի ու Ս. Մկրտութեան արարողութիւններ կատարել սոյն եկեղեցեաց մէջ։
Զայս ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր համայնքի ուշադրութեան։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ» ■