ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, 11 Փետրուարին, Հայաստանի առաջին ողիմպիականի ախոյեան Արմէն Նազարեանի 18 տարեկան որդին՝ Էտմոնտը, 55 քիլոկրամ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Նշենք, որ ան մաս կը կազմէ Պուլկարիոյ ազգային խումբին, մինչ անոր հայրը կը մարզէր Պուլկարիան։
77 քիլոկրամ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Չալեան, որ պրոնզէ մետալի համար իր մղած պայքարին մրցեցաւ Հայկ Մնացականեանի դէմ (Պուլկարիա), գրաւեց երրորդ դիրքը։
Ողիմպիական խաղերուն, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան իր ելոյթներուն սկսաւ տպաւորիչ յաղթանակով մը, երբ 7-1 արդիւնքով յաղթեց թուրք մրցակիցին՝ Ճենք Իլտեմին։ 97 քիլոկրամ դասակարգին մէջ ան ապահովեց աւարտականի իր տոմսը եւ 12 Փետրուարին պիտի մրցի Իտալիան ներկայացնող Նիքոլոս Քախելաշվիլիի դէմ։