Կիրակի երեկոյեան աւարտեցան Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահի ընտրութիւնները: Փակ եւ գաղտնի ընտրութեամբ, քննիչ յանձնախումբի տուեալներով՝ միութեան նախագահ ընտրուած է Էտուարտ Միլիտոնեանը: Վերջինս, Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի անակնկալ մահէն ետք, ընտրուած էր Գրողներու Միութեան ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Համագումարի սկիզբը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգած են յաւերժ մեկնած գրողներու յիշատակը, իսկ Արտակ Վարդանեան ընթերցած է համագումարին ուղղուած հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը:
Ընտրական յանձնաժողովի տուեալներով՝ Էտուարտ Միլիտոնեան ստացած է 199 ձայն: Յովիկ Հովէյեան՝ 100, Դաւիթ Սարգսեան՝ 24, Ռոմիկ Սարդարեան՝4: Եօթ թերթիկ ճանչցուած է անվաւեր: Պէտք է ըսել, որ Գրողներու Միութեան արտահերթ համագումարը կայացած է բուռն եւ թէժ մթնոլորտի մէջ: Գրողները վիճած են թեկնածուներուն խօսք առնելու համար սահմանուած ժամանակին շուրջ: Դժբախտաբար գրականութեան անյարիր վէճեր ալ տեղի ունեցած են համագումարի ընթացքին, երբ կարգ մը գրողներ զիրար մեղադրած են պետական անվտանգութեան գործակալ ըլլալու ամբաստանութեամբ:
Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը սկզբունքով կը հաշուէ 520 անդամ: