ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 24 Փետրուարին, Իրաքի Էրպիլ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Էրպիլի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեան, որ, ողջունելով հիւրերը՝ ներկայացուց դիւանագիտական ներկայացուցչութեան նպատակները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Գլխաւոր հիւպատոսը նշեց, որ վերջին ամիսներուն Իրաքեան Քիւրտիստանի գործընկերներուն հետ աշխոյժ շփումներու շնորհիւ, արդէն իսկ ձեւաւորուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող օրակարգ՝ զայն կեանքի կոչելու ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու պատրաստակամութիւն յայտնելով:
Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Սաֆին Տիզայեն: Ան բարձր գնահատեց Հայաստանի իշխանութիւններուն` Էրպիլի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու որոշումը եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութեան անունով խոստացաւ ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել հիւպատոսութեան աշխատանքներուն:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արտակ Ապիտոնեան եւ Սաֆին Տիզայեն միասին հիւպատոսութեան վրայ բարձրացուցին նախօրէին Էրպիլի հայկական եկեղեցւոյ մէջ օծուած Հայաստանի պետական դրօշը:
Էրպիլի միջնաբերդին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայկական մշակութային կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Արտակ Ապիտոնեան հանդիպում ունեցաւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ: Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութիւններուն։ Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ: