Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կան, ըսած է, որ Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու աստիճանական կարգաւորման:
Էրտողան ըսած է, որ շրջանին կառուցողական մօտեցում պէտք է: «Եթէ նոյնիսկ կան տարակարծութիւններ, դրացիներու հետ յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը յարգելու հիման վրայ: Մենք կրնանք աստիճանաբար կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, որուն նոր կառավարութիւնը այդ ուղղութեամբ շարժելու պատրաստակամութիւն յայտնած է», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահին համաձայն, տնտեսական զարգացման հարցերով զբաղիլը եւ համագործակցութեան համար պայմաններ ստեղծելը կարելի են միայն կայուն խաղաղութեան ապահովումէն ետք:
Էրտողան դարձեալ անդրադարձած է այսպէս կոչուած «Վեցի հարթակ»-ին, որուն կրնան մաս կազմել Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Ռուսիան, Իրանը, Հայաստանը եւ Վրաստանը: Անոր համաձայն, եթէ այդպիսի հարթակի կազմակերպումը կարելի դառնայ, շրջանին մէջ շատ աւելի հանգիստ վիճակ պիտի ըլլայ:
Ան աւելցուցած է, որ շրջանին մէջ անհրաժեշտ է կառուցել երկաթուղային եւ ինքնաշարժի ճամբաներ, «որոնք երկիրները իրարու պիտի կապեն, եւ այդպիսով շատ խնդիրներ պիտի յաղթահարուին»: