Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումէն ետք՝ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը կը շարունակէ պահպանուիլ:
Երկու երկիրներու առաջնորդները չեն դադրիր՝ մէկը միւսի հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնելէ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Diken պարբերականը, ըստ որուն, Էրտողանը օրերս ունեցած իր ելոյթով՝ Իսրայէլը «ահաբեկչական պետութիւն» անուանած է:
Ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահի նման յայտարարութեան` Իսրայէլի վարչապետ Պենեամին Նեթանիահուն Էրտողանի խօսքերը որակած է «յարձակում Իսրայէլի դէմ»: «Սեփական երկրի մէջ քրտական գիւղերը ռմբակոծող, լրագրողները բանտարկող, Կազայի մէջ ահաբեկիչներուն օգնող ու անմեղները սպաննող ղեկավարէն բարոյականութեան դասեր պիտի չքաղեմ»,- ըսած է ան:
Նեթանիահուի յայտարարութենէն ետք՝ խօսած է Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը, որ մեղադրած է Իսրայէլը «միջազգային իրաւունքները անտեսելու, Պաղեստինի ժողովուրդին հողերը հարիւրաւոր տարիներ շարունակ գրաւելու» մէջ: