Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Տուպայ քաղաքի ոստիկանապետ Շէֆի Հհահի Քհալֆանը Էրտողանը խաբեբայ անուանած է: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, արաբ պաշտօնեան գրած է «Twitter»-ի իր էջին:
Թրքական «Gazetemanifesto» թերթին համաձայն` ան մասնաւորապէս նշած է. «էրտողանը միւս ղեկավարներէն կը տարբերի իր խաբեբայ ըլլալով»։
Թրքական աղբիւրը նշած է, որ կարճ ժամանակ անց արաբ ոստիկանապետի արձանագրութիւնը կիսած են «Twitter»-ի մօտ 1000 օգտատէրեր:
Նշենք, որ ԱՄԷ-ի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները այժմ լարուած են: Լարուածութիւնը յառաջացած է, երբ ԱՄԷ-ի արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ Պին Զայետը աղմկայարոյց արձանագրութիւն մը կատարած էր Էրտողանի մասին: Այնտեղ մասնաւորապէս նշուած էր.
«Երբ 1916-ին թուրք Ֆահրի փաշան ներխուժեց Մատինա, ան թալանեց ժողովուրդին ունեցուածքը, առեւանգեց շատերը ու Մատինէէն բազմաթիւ ձեռագրեր գողցաւ: Այդ գողութեան մասին գիտէի՞ք: Ահա, ա՛յս է Էրտողանի պապերու եւ մահմետական արաբներու յարաբերութիւնները»: