ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Զիյա Փիր խօսած է արտակարգ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին՝ իրենց կամ ընդդիմադիր այլ կուսակցութեան մը կողմէ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի թեկնածութեան հաւանական առաջադրման մասին:
Փիր ըսած է, որ քրտամէտ կուսակցութեան կողմէ Կիւլի թեկնածութիւնը առաջադրելու պահանջ կայ, իսկ եթէ ան առաջադրուի՝ բնականաբար պիտի աջակցին անոր:
Խօսելով նաեւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին՝ Փիր յայտնած է, որ իր կուսակցութիւնը չի պատրաստուիր որեւէ քաղաքական ուժի հետ դաշինք կազմելու: