ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիապեր»․- Թուրքիոյ նախագահական մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալըն հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ, կը հաղորդէ sondakika.com կայքը։
Կողմերը քննարկեցին Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակեցին Սուրիոյ, Լիպիոյ, Արեւելեան Միջերկրականի, Կիպրոսի, Աֆղանիստանի եւ Արցախի հարցերուն վերաբերեալ:
Անոնք յոյս յայտնեցին, որ երկու դաշնակից երկիրները այս նոր փուլին ամուր, կայուն եւ կառուցողական յարաբերութիւններ կը հաստատեն ու համաձայնեցան ձեռնարկել այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի նպաստեն ՆԱԹՕի ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման: