ԱՆԳԱՐԱ, ՊԱՔՈՒ.- Ռուսիա եւ Թուրքիա պիտի համակարգեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Համաձայնած ենք շարունակել սերտօրէն համակարգել մեր ջանքերը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործնական հարցերու լուծման աջակցելու համար», ընդգծեց ռուս նախարարը:
Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ ռուսական դիւանագիտութեան պետը մեկնաբանեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Շուշի այցելութիւնը՝ յայտարարելով, որ վերջինիս այցելութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ:
«Իւրաքանչիւրս պէտք է իր կարելիութիւնները օգտագործէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաշտեցման ջանքերուն աջակցելու, անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի հայերը եւ ատրպէյճանցիները այդ հողին վրայ միասին ապրին իբրեւ լաւ դրացիներ: Այդ ժամանակ մենք վստահ ենք, որ բոլոր հարցերը, ներառեալ քաղաքական, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ լուծել: Կը կրկնեմ՝ մեր համագործակցութեան լրացուցիչ ուղղութիւնը այդ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցի, հաղորդակցութեան եւ տնտեսական կապերու վերականգնումն է: Մենք գոհ ենք հայ-ատրպէյճանական տագնապին շուրջ արդիւնաւէտ համագործակցութենէն», եզրակացուց Լաւրով: