Վարուժան Թէնպէլեան
Մինչ ամբողջ աշխարհը կը դիմագրաւէ պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամը, շատեր կը յուսային, որ պատերազմական գօտիներու մէջ, նոյնիսկ եթէ չլռէին զէնքերու ձայները, առնուազն պիտի մեղմանային անոնք: Սակայն այդպէս չեղաւ իրականութիւնը մանաւանդ ռազմասէր պետութիւններու պարագային, որոնց շարքին է վերջերս օսմանեան կայսրութեան զինուորական փառքը վերականգնելու զառանցանքը ապրող Թուրքիան:
Թուրքիոյ մէջ, ուր համավարակը արդէն իսկ ջախջախած է տարիներէ ի վեր ճգնաժամ ապրող տնտեսութիւնը, Նախագահ Էրտողան ո՛չ միայն միջսահմանային զինուորկան գործողութիւններէ հրաժարելու տրամադրութիւն չի ցուցաբերեր այլեւ՝ սահմաններէն անդին արկածախնդրութիւններու կը դիմէ:
Հակառակ տնտեսական տագնապին եւ պիւտճէի սահմանափակումներուն, Էրտողան կը շարունակէ իր արկածախնդրութիւնը յարաբերաբար հեռաւոր Լիպիոյ եւ մօտակայ Սուրիոյ ու Կիպրոսի մէջ:
Հիւսիսային Իրաքի քարիւղէն եւ Արեւելեան Միջերկրականի կազէն օգտուելու Թուրքիոյ երազները կը չքանան
Նախագահ Մուամմար Քազաֆիի տապալումէն ի վեր 2012-ին, Լիպիան մնայուն կռիւներու մէջ է իրարու դէմ պայքարող ներքին եւ արտաքին ուժերու միջեւ: Լիպիոյ պաշտօնապէս ճանչցուած կառավարութեան իշխանութիւնը սահմանափակուած է միայն Թրիփոլի եւ Միսրաթա քաղաքներով, մինչդեռ Լիպիոյ տարածութեան մեծ մասը կը գտնուի ժամանակաւոր կառավարութեան իշխանութեան տակ, գլխաւորութեամբ՝ զօրավար Խալիֆա Հաֆթարի ։ Թուրքիան եւ Քաթարը կ’օժանդակեն Կեդրոնական Կառավարութեան՝ իսլամական զինեալներով եւ զէնքով, իսկ Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛աջակցին Հաֆթարի ժամանակաւոր կառավարութեան: (Հաֆթարի կառավարութիւնն է, որ 24 Ապրիլ 2020ին, երկրորդ տարին ըլլալով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը):
Լիպիան հարուստ է քարիւղի եւ կազի պաշարներով եւ սահմանակից է միջերկրական ծովուն վրայ առևտուրի կարևոր ճամբաներուն, իսկ երկրին ապակայունացումը սրած է միջազգային բազմաթիւ ուժերու ախորժակը, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ:
Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջանին մէջ (Եգիպտոս, Իսրայէլ, Լիբանան եւ Կիպրոս) վերջին տարիներուն յայտնաբերուած կազը Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա փոխադրելու միտող ծրագիրները կարեւոր տեղ կը գրաւէին ուժանիւթի կեդրոն դառնալու Անգարայի երազներուն մէջ:
Թուրքիա ուժանիւթ արտադրող երկիր չէ, բայց կ՝երազէր կազի եւ քարիւղի փոխադրութեան կեդրոն դառնալ՝ օգտագործելով իր ռազմագիտական դիրքը կարեւոր եւ հսկայ շուկաներու միջեւ: Այդ ձեւով կ՝ուզէր երաշխաւորել իր ուժանիւթի անվտանգութիւնը՝ միաժամանակ բարելաւելով Եւրոպայի հետ բանակցելու իր խաղաթուղթերը:
Ուժանիւթի կեդրոն դառնալու այս երազը կը հանդիսանար մղիչ ուժը Միջերկրական ծովուն վրայ, Ատանա գաւառի Ճէյհան (Այաս) շրջանին մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու մշակման: Մինչ հիւսիսային Իրաքէն (Քրտական ինքնավար մարզէն, ղեկավարութեամբ՝ Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան, ՔՇԿ) Թուրքիա հասած քարիւղի քանակը կը բազմապատկուէր, անդին նաւթային ռազմավարական շրջաններ կը ճշդուէին եւ կազի պարէնաւորման կեդրոններու ստեղծման ուսումնասիրություններ կը կատարուէին Թուրքիոյ մէջ:
Սակայն, Իրաքի Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան-ՔՇԿ անկախութեան ծրագիրներու ձախողութենէն եւ հիւսիսային Իրաքի վերատեղադրումէն ետք Պաղտատի կեդրոնական կառավարութեան կողքին, պարզ կը դառնար որ մեծ վնաս հասած է ուժանիւթի մարզին մէջ Թուրքիոյի վայելած շրջանային դիրքին:
Ծանօթ է, որ երբ ՔՇԿ կ՝իշխէր Քըրքուքի վրայ՝ Թուրքիա միացեալ քայլեր առած էր քրտական կողմին հետ քարիւղի աղբիւրները օգտագործելու նպատակով: Շատերու կարծիքով, Թուրքիա զօրավիգ կը կանգնէր Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան երկու հիմնական նպատակով, նախ՝ քրտական հարցը այդ շրջանով սահմանափակելու ու լուծելու, ապա՝ Քըրքուքի քարիւղի հսկայ շտեմարաններուն տիրանալու հեռանկարով:
Պէտք է նշել նաեւ, որ Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը դատ բացած է Թուրքիոյ դէմ Փարիզի իրաւաւարական դատարանին մօտ՝ քրտական մարզի կառավարութեան հետ Թուրքիոյ կնքած քարիւղի համաձայնագիրներուն վերաբերեալ: Վերատիրանալէ ետք Քըրքուքին, Իրաքի կառավարութեան առաջին յայտարարութիւններէն մէկը եղաւ այն, որ դէպի Թուրքիոյ Ճէյհան նաւահանգիստ հոսող քարիւղը նոր խողովակով պիտի փոխադրուի Իրան:
Հետեւա՞նքը, Թուրքիա զրկուեցաւ շրջանէն դէպի Թուրքիա մեծ քանակութեամբ հոսող աժան նաւթէն, թէեւ տարածաշրջանէն դէպի Թուրքիա քարիւղի հոսքը սահմանափակ կը շարունակուի:
Ուժանիւթի կեդրոն դառնալու Թուրքիոյ երազին մէջ կարեւոր դեր կը խաղար նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ յայտնաբերուած կազ պարունակող տարածքը եւ այդ կազը Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա փոխադրելու հաւանականութիւնը:
Բայց Թուրքիա մտահոգ է: Յունաստան, Իսրայէլ, Կիպրոս եւ Եգիպտոս յաճախակի հանդիպումներ կ’ունենան եւ համաձայնութիւն գոյացուցած են ծովու ճամբով կազատար խողովակ մը կառուցելու դէպի Յունաստան, եւ Յունաստանի ճամբով կազը փոխադրելու Եւրոպա: Այս ծրագրին գործադրութեան պարագային, Թուրքիա ամբողջովին դուրս կը մնայ:
Դէպի Յունաստան ստորեջրեայ կազատարին շինութիւնը գրեթէ կրկնակի սուղ կրնայ արժել քան ցամաքի ճամբով Թուրքիայէն անցնող խողովակը: Սակայն եթէ նոյն Արեւելեան Միջերկրականի կազին եւ Իսրայէլի արտադրած կազին դէպի Եւրոպա փոխադրութիւնը առաջադրուի իրականացնել միացեալ ծրագրով, այդ պարագային Յունաստան-Կիպրոս-Իսրայէլ կազատարը կը դառնայ աւելի տրամաբանական:
Այս բոլորին առընթեր, պէտք չէ մոռնանք նաեւ Թուրքիոյ տագնապալի յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան, Իսրայէլի, Եգիպտոսի եւ քարիւղ արտադրող Ծոցի երկիրներուն հետ, բացի Քաթարէն:
Ասոր մէկ այլ փաստը կը հանդիսանայ նաեւ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մերձափնայ ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ կազի պեղումներ կատարելու Թուրքիոյ արկածախնդրութիւնը՝ ամբողջ Եւրոպական Միութիւնը իր դէմ լարելու գնով:
- • •
Ըստ երեւոյթին, ուժանիւթի կեդրոն դառնալու Թուրքիոյ երազը սկսած է չքանալ եւ այս է պատճառը Էրտողանի ջղագարութեան եւ արտաքին արկածախնդրութիւններուն