Համբարձում Աղպաշեան
Ներկայիս թրքական լիրայի արժէքի փոփոխութեան հետեւողը յստակ եւ անկասկած կը տեսնէ, որ անոր արժէքը կտրուկ անկումի մէջ է տոլարի նկատմամբ, Թուրքիոյ եւ համաշխարհային սակարաններուն մէջ։
Բոլոր լրատուական աղբիւրները, նոյնիսկ Թուրքիոյ վարչակարգին բարեացակամ, կը հաստատեն թրքական լիրայի արժէքի անկումը տոլարի նկատմամբ ամենացած մակարդակը, որովհետեւ անոր փոխարժէքը մէկ տոլարի դէմ 12 լիրա գերազանցած է 24 Նոյեմբեր 2021-ին։ Իսկ մէկ շաբաթ ետք, երբ Թուրքիոյ նոր ելեւմտական նախարարը նշանակուեցաւ լիրային արժէքը հասաւ 14 լիրայի տոլարի դէմ։
Թրքական լիրայի արժէքի շարունակական անկումը երբեք զարմանալի չէ եղած տեղական եւ համաշխարհային դրամատուներու եւ սակարաններու համար, որովհետեւ 2005ին լիրայի զէրոները ջնջելէն ետք այդպէս եղած է անոր վիճակը, սակայն նորութիւնը այն է, որ ան մեծ կորուստ արձանագրած է տոլարի նկատմամբ երբ արժէքը վերջինին համեմատ հասած է 14 լիրայի, մինչդեռ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը կը շարունակէ իր դրամական քաղաքականութեան հաւատարիմ մնալ, դրամատուներու տոկոսները կրճատելով եւ նուազեցնելով առանց իր գործընկերներու խորհուրդները ու առաջարկները ընդունելու։
1 Յունուար 2005-ին թրքական լիրայի արժէքէն վեց զէրօ չեղեալ յայտարարուեցաւ։ 2004-ին վերջերը լիրայի փոխարժէքը հասած էր 1.350.000 լիրայի մէկ տոլարի դէմ. Թրքական թղթադրամը տպուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ շուկայ ելաւ 6 արժէքներով՝ 1, 5, 10, 20, 50 եւ 100 լիրայով. զէրոներու ջնջումի պատճառը այն էր, որ 30 տարիէ ի վեր լիրան շարունակ արժէքազրկուած էր, եւ շուկայի մէջ մէկ միլիոն լիրան որեւէ արժէք չունէր, իսկ 20.000.000 լիրայի (20 միլիոն լիրա) դրամանիշը աշխարհի մէջ ամենամեծն էր եւ կ՛օգտագործուէր միայն Թուրքիոյ մէջ: 2005ին զէրօներ ջնջելու քաղաքականութիւնը հաստատելէն ետք տոլարի արժէքը մէկուկէս լիրայէն պակաս էր (1.350 լիրա):
Այդ ճգնաժամէն յետոյ լիրան շարունակեց կորսնցնել իր արժէքը, սակայն ընդունելի եղանակով, միշտ ազդուելով Թուրքիոյ կառավարութեան եւ Էրտողանի քաղաքականութեան որոշումներէն, որոնք պատճառ եղան այս տարուայ (2021) սկիզբէն տոլարի փոխարժէքը զգալիօրէն բարձրանալու լիրայի դէմ: Լիրայի արժէքի այս անկումի հիմնական պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ նախագահի պնդումն է՝ դրամատուներու տոկոսները կրճատելը: Կառավարութեան ներքին ընդդիմադիրները, որոնք Էրտողանի որոշումներուն դէմ էին, անոնցմէ ազատուելու եւ իր որոշումը պարտադրելու համար Էրտողանը վերջին երկու տարիներու ընթացքին հեռացուց Կեդրոնական դրամատան երեք կառավարիչներ եւ քաղաքական յանձնաժողովի բոլոր անդամները, որոնք դէմ էին իր որոշումներուն, ինչպէս նաեւ Կենդրոնական դրամատան դրամավարկային քաղաքականութեան կոմիտէի անդամներուն, որոնք նմանապէս դէմ էին անոր քաղաքականութեան։ Այդպէսով լիրան տոլարի նկատմամբ աւելի ցածր մակարդակի հասաւ, որովհետեւ ըստ տնտեսագէտներուն, պէտք է տոկոսները բարձրանան, երբ դրամի մը արժէքը կ՛իյնայ, որպէսզի դրամը շուկաներէն քաշուի դէպի դրամատուները, սակայն Թուրքիոյ նախագահի քաղաքականութիւնն է նուազեցնել տոկոսները, խթանելու համար արտադրութեան եւ առեւտուրի ոլորտը՝ դրամատուներէն աւելի ցած տոկոսներով վարկ ստանալով:
Թրքական լիրան նաեւ կ՛ազդուի արտաքին եւ յատկապէս ամերիկեան ճգնաժամերէ։ Որեւէ լարուածութիւն՝ Թուրքիոյ ու Ամերիկայի միջեւ, անպայման բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ թրքական լիրայի վրայ։ Մենք կը յիշենք Թուրքիոյ մէջ բանտարկութեան դատապարտուած ամերիկացի քարոզիչ Անտրօ Պրոնսընի խնդիրը եւ թէ ինչպէս Թուրքիոյ համար շատ ծանր եղան անոր կալանքի հետեւանքները։ Ամերիկա քանի մը տնտեսական որոշումներ հաստատեց Թուրքիոյ դէմ, որոնք մէկ երկու օրուայ ընթացքին լիրային մեծ վնաս հասցուցին եւ ան զգալի տոկոսով իր արժէքը կորսնցուց. Էրտողան ստիպուած ազատ արձակեց Պրոնսընը. լիրան վերականգնեցաւ այդ դէպքէն ետք եւ ետ վերադարձաւ այն մակարդակին, ուր որ էր։ Հոս արժանի է յիշել, որ Քաթարի կառավարիչ շէյխ Թամիմ Պըն Համետ այդ ճգնաժամին օգնութեան հասաւ հինգ միլիառ տոլարի ներդրումով իր դաշնակից Էրտողանին, որուն հետ միասին պայքարի մէջ էին Սէուտական Արաբիոյ ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ։
Թրքական լիրան 2000էն ի վեր կը հետեւի ազատ փոխանակման համակարգին, որ կը նշանակէ, թէ անիկա ենթակայ է շուկային, սակայն Թուրքիոյ նախագահը համոզուած է, որ դուրսէն Թուրքիոյ դէմ դաւադրութիւններ կը կատարուին: Էրտողանը կը կարծէ, որ 2016ի յեղաշրջումի ձախողումէն յետոյ, Արեւմուտքը կը փորձէ Թուրքիան տկարացնել այլ միջոցներով, մոռնալով, որ յեղաշրջումի իրականացնողը իր գործընկեր իսլամ մտաւորական եւ քարոզիչ թուրք Ֆեթուլլահ Կիւլէնն էր։ Ամենայնդէպս Ամերիկային եւ արեւմտեան երկիրներուն ձեռնտու չէ տկարացնել թրքական տնտեսութիւնը, ուր անոնք հարիւր միլիառներով ներդրումներ ունին։
Պէտք է նկատի ունենանք, որ վերջին ճգնաժամի օրերուն Թուրքիան կրկին մեծ աջակցութիւն ստացաւ, բայց այս անգամ նախկին թշնամի՝ Ապու Տապիէն, որ այժմ կը մօտենայ իրեն որովհետեւ Էրտողանը սկսած է նեղի դնել Թուրքիոյ մէջ բնակող «Իսլամ եղբայրներ» շարժումի անդամներուն, Եգիպտոսի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու համար. Ապու Տապին յայտարարեց, թէ 10 միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Թուրքիոյ մէջ, բան մը, որ ամրապնդեց լիրայի դիրքերը, թէկուզ որոշ ժամանակով։
Թուրքիոյ տնտեսութեան ամենակարեւոր խոչընդոտներն են կարճաժամկէտ արտաքին պարտքերը, որոնք առեւտրային հաշուեկշիռին մէջ բաց կը պատճառեն. անոնց ամենամեծը ուժանիւթի ներածումի ծախսերն են, թէեւ Թուրքիան բաժին կը ստանայ իրաքեան քարիւղէն, որ կ՛արտածուի իր տարածքով, եւ սեւ շուկայէն ձեռք կը բերէ սուրիական հանքավայրերէն արտադրուող քարիւղը, «Իսլամական պետութեան» կամ ուրիշ միջոցներով։
Ուժանիւթը Թուրքիոյ տնտեսութեան միակ տկար մասը չէ: Օսմանեան կայսրութեան վերակենդանացնելու Էրտողանի մեծ երազները դրդեցին անոր ռազմական արկածախնդրութեան ձեռնարկելու՝ սկսած Սուրիոյ ներխուժումէն, այնուհետեւ հիւսիսային Իրաքի վրայ յարձակումները՝ Քիւրտական Բանուորական կուսակցութեան զինեալները հալածելու պատրուակով եւ թրքական զինուժի մշտական ներկայութիւնը Իրաքի մէջ, Մուսուլ քաղաքի մօտ գտնուող Բայշիքա գիւղաքաղաքի մէջ, նմանապէս սուրիացիներուն Լիպիա ուղարկելը, ալ չխօսինք 1974-ի հիւսիսային Կիպրոսի մէջ հաստատուած թրքական (բարեկամական) 30 հազար զինուորներուն մասին։
2016էն ի վեր Քաթարի մէջ թրքական ռազմական ճամբար գոյութիւն ունի, եւ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ ու Արաբական Էմիրութիւններու միջեւ ծագած ճգնաժամէն ետք Թուրքիոյ հետ Քաթարի յարաբերութիւնները ամրապնդուեցան եւ վերածուեցան դաշինքի: 2017-էն Սոմալիոյ եւ Ճիպութիի մէջ թրքական ուժեր կան, այդ երկիրներու զինեալ ուժերը վերապատրաստելու պատրուակով, եւ Ատրպէյճանի մէջ ուր Թուրքիոյ «եղբայրական» ուժերը կը գտնուին։
Թուրքիա փոքր երկիր մը չէ եւ անոր տնտեսութիւնը մեծապէս կախեալ է գիւղատնտեսական արտադրանքներէ, փոքր եւ միջին արդիւնաբերութիւններէն, ինչպէս նաեւ ծառայութիւններու ոլորտներէն, ինչպիսին են՝ զբօսաշրջութիւնը, օդանաւային փոխադրութիւնները, շինարարութիւնը եւ անշարժ գոյքերու ներդրումը , որոնք տարեկան աւելի քան 20 միլիառ տոլար կ՛ապահովէին մինչեւ համաճարակին ճգնաժամը: Թուրքիա աշխարհի 20 խոշոր արդիւնաբերական երկրներու շարքին էր, սակայն անոր վարկանիշը նախ իջաւ 17-րդ, ապա 19-րդ, իսկ այժմ 21-րդն է, այսինքն՝ ցուցակէն դուրս է։
Լիրայի արժեզրկումը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ որոշ ներդրողներու վրայ, որոնց շարքին՝ անշարժ գոյքերու խոշոր ներդրումները, ուր այդ շէնքերու եւ յարկաբաժիններու արժէքները կը նուազին։ Միւս վնաս կրողներն են ընդհանրապէս սակարաններու լիրայի առուծախով զբաղողները եւ ուրիշներ։ Լիրայի արժեզրկումը մեծ ազդեցութիւն ունի նաեւ դուրսէն ներդրումներ ընող ընկերութիւններուն վրայ, որովհետեւ ապրանքները եւ ծառայութիւնները ներմուծելու համար տոլար կամ եուրօ կը վճարեն, եւ այն ընկերութիւնները, որոնք դրամատուներէն պարտք ստացած են բարձր տոկոսներով: Սակայն Թուրքիոյ քաղաքացին մեծագոյն վնաս կրողն է, մասնաւորապէս՝ աղքատ եւ միջին խաւը, որովհետեւ գիները շարունակ կ՛աճին. Այս բոլորին դիմաց կառավարութիւնը վեց ամիսը մէկ կը ճշգրտէ աշխատողներու աշխատավարձերը, բայց սովորական քաղաքացին կը մնայ այդ ճշգրտումներէն դուրս։
Միւս կողմէ, թրքական լիրայի անկումը ձեռնտու է գիւղատնտեսական արտադրանքեր արտածողներուն համար, նմանապէս տեղական ներքին արդիւնաբերութեան համար, որ կախուած չէ արտերկրէն եկած հումքէն։
Զբօսաշրջութիւնը Թուրքիոյ տնտեսութեան էական մասն է։ Մինչեւ համաճարակը, անիկա Թուրքիոյ տարեկան միլիառներով տոլարներ կ՛ապահովէր, եւ կառավարութիւնը կ՛օգտուէր այդ ներմուծումէն՝ նուազեցնելով առեւտուրի հաշուեկշիռի բացը։ Ներկայիս տնտեսագէտները Թուրքիոյ արտաքին պարտքը կը գնահատեն 450 միլիառ տոլարով, մինչդեռ ներքին արտադրութիւնը, նոյն աղբիւրներու համաձայն, այդ գումարի կէսն է։ Տարօրինակ է, որ Էրտողանը Ամերիկան եւ Արեւմուտքը իր թշնամիները կը նկատէ, երբ նոյն ժամանակ անոնց հետ ռազմական դաշինքի մէջ է , իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ. Թուրքիոյ ներդրումներուն մեծ մասը այդ երկիրներէն կու գայ, յատկապէս՝ Գերմանիայէն։ Մինչ ան կ՛ատէ Ամերիկան եւ Արեւմուտքը, ան կը ձգտի մնալ ՆԱԹՕի կազմի մէջ՝ միաժամանակ Ռուսաստանէն պաշտպանական զէնք գնելով եւ Ամերիկայի ու Արեւմուտքին հետ ճգնաժամեր ստեղծելով։
Թուրքիոյ հասարակական կարծիքին համաձայն՝ ներկայիս Էրտողանին սատարողներուն տոկոսը միայն 30 տոկոս է, բան մը, որ քաջալերեց Հանրապետական կուսակցութեան (Քեմալ Աթաթուրքի հիմնադրած աշխարհիկ կուսակցութեան) եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլճտարօղլուին, պահանջել արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը, որովհետեւ Էրտողանի յաղթելու հնարաւորութիւնը ներկայիս ցած է։ Հանրապետականները յաղթանակներ արձանագրեցին քաղաքային ընտրութիւններուն՝ Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ, մինչ Էրտողանի աջակցութիւնը վայելող թեկնածուները պարտուեցան այնտեղ։ Անոնցմէ մէկն էր՝ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը։
Սակայն Էրտողանի թեկնածուները յաղթեցին կրօնական ուղղուածութիւն ունեցող քաղաքներու մէջ. նախագահական ընտրութիւնները, որոնք համընդհանուր ընտրութիւններ են, եւ կը ներառեն ամբողջ Թուրքիան, ներառեալ՝ էրտողանամէտ գիւղերը, որոնց կարողացաւ Էրտողան իրեն կողմը գրաւել կրօնի միջոցով եւ որոնք շատ մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ ի շահ Էրտողանին, եթէ մեծ թիւով մասնակցին ընտրութիւններուն։
Վերջապէս, ո՞ւր պիտի հասնի թրքական լիրան․
– Արդեօ՞ք Էրտողան պիտի շարունակէ իր տնտեսական քաղաքականութիւնը եւ հոսանքին հակառակ լողալը ու պիտի կարողանա՞յ դիմանալ մինչեւ վերջ։
– Արդեօ՞ք Էրտողանի կողմէ հոգեպէս պատրաստուած կրօնամոլ թուրք ընտրազանգուածը պիտի ընդունի՞ անոր որպէս նախագահ՝ աշխարհիկ Քըլըճտարօղլուի ճանապարհը կտրելով։
– Էրտողան պիտի կարողանա՞յ համոզել թուրքերուն, որ ինք անաւարտ օրակարգ ու ծրագիրներ ունի եւ Թուրքիան իրեն կարիքը ունի եւ անփոխարինելի է։
– Կամ ան պիտի դիմէ՞ տարածաշրջանի մէջ տարածուած կեղծիքներուն՝ իշխանութեան մնալու համար։
– Կամ այս անգամ Էրտողան զինուորական յեղաշրջում պիտի կատարէ՞, իշխանութեան մնալու համար։
Այս բոլոր հնարաւորութիւնները կարելի են, եւ մենք պէտք է սպասենք:
Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա
Դեկտեմբեր 2021