Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ երէկ այցելեց Անգարա` աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր լարուածութենէ ետք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար: Ասիկա 2008-էն ի վեր իսրայէլացի պաշտօնատարի մը կողմէ Թուրքիա առաջին այցելութիւնն էր:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու բարելաւումը շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման համար շատ կարեւոր է:
Էրտողան Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկի հետ իր հանդիպումէն ետք ըսաւ. «Պատմական այցելութիւնը շրջադարձ մըն է Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ: Իսրայէլի պետութեան հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը մեր երկրին համար մեծ արժէք ունի»: Ան յայտնեց, որ պատրաստ է Իսրայէլի հետ ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցելու, եւ թէ Թուրքիան պաշտպանական ոլորտին մէջ Իսրայէլի հետ գործակցելու կարելիութիւնը ունի:
«Հերցոկին ուշադրութեան յանձնեցի Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի պատմական ու կրօնական կարգավիճակին վերաբերեալ մեր դիւրազգացութիւնը», յայտնեց Էրտողան:
«Իսրայէլի հետ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ գործընկերութիւններ հաստատելու կարելիութիւնը ունինք», ըսաւ ան` նշելով. «Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման կը ձգտինք»:
Իսրայէլի նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ Էրտողանի հետ Ուքրանիոյ եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարած է: «Կը հաւատամ, որ յառաջիկայ փուլը թէ՛ շրջանային, եւ թէ՛ երկկողմանի համագործակցութեան համար նոր առիթներ պիտի ստեղծէ: Կը յուսամ, որ այսքան երկար ժամանակէ ետք տեղի ունեցող այս կարեւոր այցելութիւնը ապագայ միացեալ առիթներու դուռը պիտի բանայ»:
Նշենք, որ Հերցոկ Թուրքիա մեկնելէ առաջ օդակայանին մէջ ըսաւ. «Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները Իսրայէլի համար կարեւոր են, Թուրքիոյ համար կարեւոր են եւ ամբողջ շրջանին համար կարեւոր են: Այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ միջազգային համակարգը կը ցնցուի, մեր շրջանին մէջ կայունութեան ու գործընկերութեան պահպանումը լաւ ու պատշաճ է»: