ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Գերմանական մամուլին մէջ մեծ արձագանգ գտած է Ֆինլանտայի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու առաջարկին ընդդիմանալու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնը։
Գերմանական մամուլը կը շեշտէ, թէ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ վրայ յարձակումը Արեւմուտքին նետուած մեծագոյն մարտահրաւէրն է, որուն պատճառով Արեւմուտքը համախմբուած է եւ ցոյց կու տայ իր միասնականութիւնը եւ ամրութիւնը:
«Ցաւալին այն է, որ Էրտողանի սպառնալիքը կրնայ յաջողիլ: Ֆինլանտայի եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը պէտք է իրականանայ, որպէսզի միւս կառավարութիւնները ստիպուած չըլլան զիջումներ կատարելու Անգարայի խաղամոլին (նկատի ունի Էրտողանը-Խմբ.), որ քրտական հարցով, սպառազինութեան, Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան համակարգուած ոչնչացման երեւոյթներուն հանդէպ աչք փակելու գծով միշտ պահանջներ ունի: Այդպիսով Թուրքիա կրնայ մնալ ՆԱԹՕ-ի կարեւոր գործընկերը, սակայն Թուրքիոյ նախագահը ՆԱԹՕ-ի համար պիտի շարունակէ մնալ իբրեւ անկայուն խուսանաւող, որ հաճոյք կ՛առնէ միջազգային ճգնաժամերը շահագործելէն», գրած է գերմանական հեղինակաւոր Suddeutsche Zeitung թերթը: