Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր նախագահական ապարանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ փոխատենապետ Հերման Պալեանը, որոնք միօրեայ այցելութիւն մը տուին մայրաքաղաք Անգարա։
Նախագահականի պաշտօնական կայքին վրայ մատնանշուած է Շիրինօղլուի՝ Թրքահայ հիմնարկութիւններու (վաքըֆ) միութեան ատենապետի հանգամանքը։ Հանդիպման մասին լուսանկար մը հրապարակուած է կայքին վրայ, իսկ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ տեղեկութիւն չէ ներկայացուած։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան այս տեսակցութեան, որուն վերաբերեալ Շիրինօղլու ամփոփ բացատրութիւններ տուած է «Հիւրրիյէթ»ին։
Շիրինօղլու հետ ունեցանք հեռաձայնային զրոյց մը, եւ ան ըսաւ,, թէ դրական մթնոլորտի մը մէջ անցած է հանդիպումը, «ինչպէս միշտ»՝ աւելցնելով․ «Երախտապարտ ենք պարոն նախագահին կողմէ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։ Ան միշտ զգայնութիւն կը ցուցաբերէ մեր հարցերուն նկատմամբ»։
Նշելով, որ հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար դեսպան Հասան Տողան՝ ան յայտնեց, որ Էրտողանին հետ երէկ առիթը ունեցած են քննարկելու ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիմնարկութիւններու շատոնց առկախեալ ընտրութիւններու հարցը կարգաւորելուն վերաբերեալ պարագաներ։ Երկրի ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ պատկան մարմինները կը շարունակեն աշխատանք տանիլ այս հարցին ուղղութեամբ։
Շիրինօղլուին հարց տուինք, թէ արդեօք ուրիշ որեւէ խնդիր չէ՞ քննարկուած երէկուան զրոյցին ընթացքին. օրինակ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց պատմական բանջարանոցի ընդարձակ համայնքապատկան տարածքի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ յառաջացած թնճուկը։ Ի պատասխան, Շիրինօղլու յայտնեց, որ զրոյցին առանցքը բացառապէս եղած է ընտրութեան հարցը։ «Մենք սկզբունքօրէն նպատակայարմար չհամարեցինք պարոն նախագահին հետ արծարծել խնդիր մը, որուն շուրջ կ՛ընթանայ դատավարութիւն մը։ Յամենայնդէպս, շատ կարճ ակնարկ մը կատարուեցաւ այս հարցին։ Մենք հակիրճ ձեւով կրկնեցինք մեր սպասումները՝ վերահաստատելով մեր վստահութիւնը դատական մարմիններուն եւ պետական համակարգի դրական վերաբերմունքին նկատմամբ։ Պարոն նախագահն ալ ամփոփ ձեւով յայտնեց, որ տեղեակ է հարցէն եւ կը հետեւի իրադարձութիւններուն», նշեց ատենապետը։
Շիրինօղլու սովորաբար վերապահ համայնքային վարիչ մըն է եւ միշտ կը նախընտրէ զուսպ ըլլալ պետական աւագանիի հետ տեղի ունեցած շփումներուն շուրջ մանրամասնութիւն հաղորդելու ժամանակ։ Յամենայնդէպս, փաստ է, որ վերջին շրջանին Էրտողան զանազան առիթներով արծարծած է փոքրամասնութիւններու առկախեալ ընտրութեան հարցը՝ այդպիսով իսկ զգալի դարձնելով իր կամքը եւ յանձնառութիւնը լուծման ուղղութեամբ։
«ԺԱՄԱՆԱԿ»