Շաբաթ, 6 Յունուարին, Փարիզի մէջ հազարաւոր քիւրտեր ու հայեր դուրս եկած են փողոց` իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ էրտողանի այցին համար: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք»-ը՝ վկայակոչելով «Ֆրանսփրեսս» գործակալութիւնը:
Էրտողան պաշօտնական այցով Փարիզ մեկնած էր 5 Յունուարին:
Ցուցարարները «Էրտողան` մարդասպան» գրութեամբ պաստառներով ու վանկարկումներով անցած են Ֆրանսայի մայրաքաղաքի փողոցներով` յիշեցնելով, որ 2013-ին Փարիզի մէջ սպաննուած երեք քիւրտ ապստամբներու սպանութեան համար մինչեւ այսօր ոչ ոք պատասխանատուութեան ենթարկուած է:
Փարիզի փողոցներ ելած քիւրտերը ցաւ յայտնած են, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ այս սպանութիւններուն մասին չէ յիշատակած:
Քիւրտերու կազմակերպած ցոյցին միացած է նաեւ ֆրանսահայ համայնքը: Հայերը Էրտողանը «բռնապետ» անուանած են:
«Ռեճեփ Թայիփ Էրտողաը ֆրանսիացիներուն ցոյց տուաւ իր իսկական` բռնապետի դէմքը: Ֆրանսայի նախագահական պալատին մէջ ան այնպիսի դէմքով էր, կարծես չէ խախտած եւրոպական չափանիշները, որոնց իբր կը յաւակնի հաւատարիմ մնալու»,— «Ֆրանսփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսուած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:
2013-ի Յունուարին Փարիզի մէջ յայտնաբերուած էին քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ երեք կանանց գլխատուած մարմինները:
Թրքական ազգային հետախուզական գործակալութիւնը պաշտօնապէս հերքած էր սպանութիւններուն իր մասնակցութիւնը, մինչդեռ ֆրանսացի քննիչներու համոզումով, թրքական լրտեսները կապ ունին սպանութիւններուն հետ:
Քիւրտ կանանց սպանութիւնները մինչ բացայայտուած չեն: Միակ կասկածեալը` թուրք ազգայնական Օմեր Կիւնէյը, բանտի մէջ մահացած է 2016-ին, մինչ գործը պիտի հասնէր դատարան: