«Կիպրոսի մէջ մզկիթներու վրայ յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ` նախքան իր Քաթար երկօրեայ այցելութիւնը: Ան աւելցուց, որ թրքական մզկիթները թիրախ դարձնող արարքներուն գծով հետաքննութիւն բացուած է: Նշենք, որ վերջերս անձ մը ձերբակալուեցաւ Լառնաքայի մէջ` թրքական մզկիթի մը վրայ յարձակում կատարած ըլլալու յանցանքով:
Էրտողան Կ՛այցելէ Քաթար
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ ուղղուեցաւ Քաթար` ընդառաջելով Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի հրաւէրին: Պաշտօնական այս երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Էրտողան պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային ու միջազգային հրատապ հարցեր:
Նախքան այդ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հանդիպում մը ունեցաւ քաթարցի իր պաշտօնակիցին հետ Տոհայի մէջ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Քաթար-Թուրքիա ապահովական եւ պաշտպանութեան առնչուող հարցեր: Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, որ հաղորդեց լուրը, յայտնեց, որ Խալետ Պըն Մոհամետ Աթիյէի եւ Հուլուսի Աքարի միջեւ այս հանդիպումին երկու պատասխանատուները շեշտած են երկկողմանի ռազմափորձերուն գծով գործակցութեան ամրապնդումը: