ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ելոյթի մը ընթացքին խօսքը Միացեալ Նահանգներուն ուղղելով՝ հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ այսքան զէնք կը կուտակէք. քանի կ՛ըսէք, թէ շրջանը ձերբազատած էք «Իսլամական պետութեան» զինեալներէն, այդ զէնքերը մեզի՞ դէմ օգտագործելու համար կը կուտակէք»:
Միւս կողմէ, թրքական բանակը յայտարարեց, որ գրաւած է Աֆրին քաղաքի հարաւ արեւմուտքը գտնուող Ճանտիրս գիւղի կեդրոնը, իսկ «Մայատին» կայանը հաղորդեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալներուն հետ բախումներէ ետք՝ վերատիրացած են Աֆրինի հարաւը գտնուող Թալ Ճանտիրսին:
Նաեւ, սուրիական բանակը կը ջանայ պաշարել Արեւելեան Ղութայի գլխաւոր գիւղերը եւ արդէն իսկ իր վերահսկողութեան տակ առած է Արեւելեան Ղութայի աւելի քան կէսը: