Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Արսէն Յարութիւնեան, Վազգէն Թեւանեան եւ Յովհաննէս Մաղաքեան դարձան Եւրոպայի ախոյեան:
Հռոմի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան 57 քլկ. կշիռքի դասակարգին մէջ եզրափակիչին մրցեցաւ ուքրանացի Անտրէյ Ճելեպի հետ եւ յաղթեց 11-6 արդիւնքով:
Իր հերթին, 61 քլկ. կշիռքի դասակարգի եզրափակիչին Հայաստանի ներկայացուցիչ Վազգէն Թեւանեան պայքարեցաւ ատրպէյճանցի Ինթիհամ Վալիզատայի դէմ: Վազգէնը յաղթեց 5-2 արդիւնքով:
Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանի տիտղոսին համար աւելի ուշ մրցագորգ բարձրացաւ նաեւ գերծանր դասակարգէն Յովհաննէս Մաղաքեան (125 քլկ)՝ մրցակից ունենալով ուքրանացի Եուրի Իտզինսքին: Մաղաքեան 4-2 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ եւ հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Այսպիսով, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկան երիտասարդական հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան նուաճեց 5 մետալ՝ 3 ոսկիէ եւ 2 պրոնզէ, խմբային դասաւորման մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը: