Ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որ նախարարներուն փոխանցեց, թէ այսօր առաւօտեան պիտի այցելէ Պաապտա` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ քննարկելու համար կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` ծովային սահմանագծումի հարցը եւ անոր նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերելիք վարուելակերպը` արձանագրուելիք ձախողութեան պարագային, որովհետեւ այս հարցով բոլոր կարելիութիւնները նախատեսելի են:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը ճշդեց 20 հազար լ. ոսկիի հիման վրայ:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստը վերածուեցաւ փոթորկոտ ժողովի մը, երբ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարի եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինի միջեւ հարց ստեղծուեցաւ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցին կապուած իրաւասութիւններուն եւ Շարաֆէտտինի կողմէ Սուրիա կատարուած այցելութեան գծով: