ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ երրորդ համաշխարհային պատերազմը,
բայց գիտեմ, որ շատ մարդ մնացած պիտի չըլլայ տեսնելու համար չորրորդը:
ԱԼՊԵՐ ԱՅՆՇԹԱՅՆ
(1870-1955), գիտնական
Պատմութիւնը եւ քաղաքականութիւնը պէտք չէ դիտել հեռադիտակի հակառակ կողմէն, որ կը փոքրացնէ պատկերները:
Հայաստանը տաշեղ մըն է սկսած եւ ծաւալելու կոչուած Մեծ Պատերազմի մը մէջ: Մարդկութիւնը ո՞ւր կրնայ հասնիլ այս ընթացքով, ի՞նչ վաղորդայններ կը նախատեսուին կեանքին եւ մոլորակին համար:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, աւերներ եւ աւերակներ թուքով փակցնելու քաղաքական ճապկումներու յանձնուիլ: Պատմութիւնը մտած է նախատեսուած նոր փուլ: Կրկնուած, հոլովուած, բայց միշտ հեռու կամ տեսութիւն համարուող մշակութական-կրօնական պատերազմը սկսած է:
Աշխարհի ժողովրդագրական պատկերը արմատապէս փոխուած է` իրեն հետ բերելով ըմբռնումներու տարբերութիւններ` ընկերաբարոյական, կրօնական, քաղաքակրթական, մշակութային, գիտական եւ ճարտարագիտական միջոցներու տարածումով եւ օգտագործումով, ստեղծելով անհաւասարակշռութիւններ նոր (չ)հաւասարակշռութիւններու յանգելու ճամբուն վրայ: Յատկանշական են համաշխարհայնացման տարազին ետին գտնուող իրականութիւնները: Միամտութեամբ ընդունած ենք եւ կ՛ընդունինք, որ համաշխարհայնացման հասարակ յայտարարը է եւ պիտի ըլլայ արեւմտեան, մինչ ժողովրդագրական պատկերը կ՛ըսէ, որ արեւմտեան ներկայութիւնը աշխարհի մէջ այսօր միայն 14% է:
Այս հաստատեցին առաւօտեան լուրերը` պատկերներով. Աֆղանիստանի մէջ «Թալեպան» կրօնական մոլեռանդութեամբ եւ անհանդուրժողութեամբ յատկանշուող շարժումը յաղթեց, «Արեւմտեան» ուժերու զինուորական նեցուկով հաստատուած եւ պահուող իշխանութեան վերջ տրուեցաւ: Աշխարհի զինուորական հզօրագոյն երկիր Միացեալ Նահանգները եւ իր դաշնակիցները, նոյնպէս հզօր, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա եւ ուրիշներ, առանց պատերազմելու պարտուեցան:
Իրականութիւնները դիւանագիտական ճապկումներուն ետին թաքցնելը մարդկութեան եւ ճշմարտութեան դէմ չարիք է: Հարկ է ըսել ճշմարտութիւնները եւ անոնց լոյսին տակ, բարի կամքի տէր մարդոցմով (երկիրներ, քաղաքական գործիչներ, կրօնականներ) մարդկութեան եւ ընդհանրապէս կեանքին սպառնացող վտանգներուն առաջքը առնելու մասին խօսիլ, այդքանով չբաւարարուիլ, կանխել, եթէ հարկ ըլլայ` ուժին հակադրելով ուժ:
Գաղտնիք չէ. տարբեր երկինքներու տակ մարդիկ կը ջարդուին, որովհետեւ քրիստոնեայ են. Նիկերիա եւ Փաքիստան, Ինտոնեզիա եւ Եգիպտոս, Իրաք եւ Ֆիլիփփին: Եւրոպայի սրտին վրայ քրիստոնեայ եկեղեցականներ կը սպաննուին: Ի՞նչ հետեւցնել. Սամուէլ Հանթինկթընի նախատեսութի՞ւնը` «Քաղաքակրթութիւններու բախումը», թէ՞ Ֆրանսայի նախկին մշակոյթի նախարար եւ գրող Անտրէ Մալրոյի տարազը, ըստ որուն` «ԻԱ. դարը պիտի ըլլայ կրօնական կամ պիտի չըլլայ»:
Մարդկութիւնը պէտք է հասկնա՞յ, որ հին դարերու պատերազմներու ժամանակը անցած է, ասպատակութիւններ, որոնք կը սկսէին առաւօտուն եւ կ՛աւարտէին երեկոյեան: Կուտակուած աւերածին ուժերը սպառնալիք չեն միայն այս կամ շրջանին, մոլորակի այս կամ այն մասին, այլ` մոլորակին, մարդկութեան եւ ընդհանրապէս` կեանքին: Այսինքն այդ կուտակուած ուժերը լուսնային տարածքի կրնան վերածել մոլորակը: Սպառնալիքը սեղանին վրայ դրուած կոճակն է. կը բաւէ սեղմել: Այդ կոճակները այսօր բազմաթիւ են…
Արեւելք-Արեւմուտք հակադրութիւն մը, աւելի ճիշդ` հակամարտութիւն մը: Արեւելքը իր ինքնութիւնը սահմանելով իսլամութեամբ, կը ձգտի տիրել աշխարհին` Արեւմուտքի քրիստոնէութեամբ բնորոշուող քաղաքակրթութեան քանի մը դարերու մոլորակային տարածումը, հզօրացումը եւ տիրակալութիւնը փոխարինելու համար, որ չ՛ուզեր անհանգիստ ըլլալ եւ պաշտպանուիլ` խրած ըլլալով սպառողական եւ զբօսի տենդի մէջ:
Արեւելքի եւ Արեւմուտքի աշխարհընկալումներուն, իմաստասիրական եւ բարոյական արժեհամակարգերուն միջեւ գոյացած է խրամատ: Իշխանատենչներ, համամարդկային արժէքներէ հեռանալով, կը գտնուին փոխադարձ մերժումի անհաշտելի դիրքերու վրայ: Հարցը սոսկ կրօնական չէ: Արեւելքը, իսլամութիւնը դարձնելով գործիք, յարձակման թիրախ կը դարձնէ ընդհանուր բնորոշումով արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը (ժողովրդավարութիւնը, դրամատիրութիւնը, գաղութարարութիւնը, հաւասարութիւնը, նաեւ` այր եւ կին հաւասարութիւնը, խղճի ազատութիւնը, մարդկային իրաւունքները): Այս յարձակման անմիջականօրէն տեսանելիներն են քրիստոնեաներու ջարդերը, եկեղեցիներու քանդումները, եկեղեցականներու սպանութիւնները: Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութիւնը, ոչ հեռաւոր անցեալին, խորհրդային-համայնավարութիւն ընդդէմ ազատական-դրամատիրութեան պայքարի բնոյթ ունէր: Այս պարագային ալ խորհրդային ընդհանրապէս կրօնի դէմ պայքարը չէր յաջողած, եւ խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք կրօնները վերայայտնուած էին: Այս անգամ այդ վերայայտնութիւնը առաւելաբար ունեցաւ իսլամական բնոյթ:
Չեմ գիտեր, թէ տարրական մարդկային գիտակցութիւն ունեցող ոեւէ պատասխանատու կամ երկիր կը նետուի՞, թէ՞ ոչ, պատերազմ շղթայազերծելու արկածախնդրութեան մէջ: Եթէ այդ պատահի, ան պիտի ըլլայ ահաւոր համեմատութիւններով, Ա. եւ Բ. աշխարհամարտերը պիտի դիտուին որպէս սահմանային կռիւներ: Երրորդ աշխարհին մէջ իսլամական կրօնի քաղաքականացման պատճառով մարդկային հսկայական զանգուածներ պիտի ներառուին նորատեսակ համաշխարհայինի մէջ, անոնց վրայ կրնան գումարուիլ «արեւմտեան» կոչուող երկիրներու իսլամական մեծ ու պզտիկ նկատառելի համրանք ունեցող զանգուածները, որոնք կրնան շահագործուիլ աշխարհագրականօրէն հեռու գտնուող քաղաքական ուժերու եւ ղեկավարներու կողմէ: Այս տեսակէտէն անտես պէտք չէ թողուլ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի այդ ուղղութեամբ ունեցած նախաձեռնութիւնները, յաւակնութիւնները եւ յայտարարութիւնները, որոնք գաղտնիք չեն:
Յառաջիկայ տարիներու դէպքերու ընթացքը ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպիսի՛ բնոյթ պիտի ստանայ հակամարտութիւնը: Քաղաքակիրթ եւ մոլորակի կեանքին սպառնացող վտանգին գիտակցող մարդու ըմբռնումով կը նախատեսուի՞ն գալիքը եւ ուրուագծուող պատերազմի մը հետեւանքները:
Արիստոտէլ ըսած է, որ` «Սովորութիւնը երկրորդ բնութիւն է»: Երբ մարդկութիւնը պատշաճ ձեւով չի հակազդեր կրօնական հալածանքներուն եւ անիրաւութիւններուն, անոնք կը դառնան սովորութիւն` ծնունդ տալով անպատժելիութեան իրաւունքի. փաստ` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւանց համար պայքարը, զանոնք չյարգողներու դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը լաւ բաներ են, բայց բոլոր պարագաներուն, կրօնի քաղաքականացումը եւ կրօնական մոլեռանդութիւնը պարարտ հող են ե՛ւ ժողովրդավարական ե՛ւ մարդկային իրաւանց ոտնակոխման, անոնք ճամբայ կը հարթեն սպանութիւններու եւ ջարդերու: Միամտութիւն է խորհիլ, որ ճերմակ ձեռնոցներով եւ տպաւորիչ ժողովներու մէջ պիտի կանխուին սպառնալիքները եւ անոնց հետեւանքները: Մտածել Եգիպտոսի ղպտիներու մասին, որոնք քրիստոնեայ էին եւ ուրիշներէ առաջ հոն ունէին իրենց վանքերը եւ եկեղեցիները: Այսօ՛ր ո՞վ կը պաշտպանէ զանոնք:
Նոյն հունով, անվարան պէտք է խօսիլ, այս օրերուն յաճախ կը խօսուի, Արեւելքի քրիստոնեաներուն մասին: Կը խօսուի: Բայց ոչինչ կատարուած է եւ կը կատարուի անոնց պաշտպանութեան համար: Երբեմն նոյնիսկ կը խորհիմ, որ անտեղի շատախօսութիւնները կը շեշտեն անոնց դժուարութիւնները. Պոլիսէն Անտիոք, Աղեքսանդրիա, Երուսաղէմ` անոնք ժառանգորդներն են առաջին օրերու հնագոյն քրիստոնեայ ժողովուրդներուն: Ներկայ պայմաններու մէջ սովորութիւն է խօսիլ, որպէս գերագոյն օժանդակութիւն, անոնց ապաստան տալու մասին, մինչդեռ պէտք էր պաշտպանել եւ պէտք է պաշտպանել զանոնք իրենց հողին վրայ, ուր ունին իրենց արմատները, հաւատքի կեդրոնները, արմատները, եւ չբաւարարուիլ անոնց ապահովելով կուշտ արմատախիլ գաղթականի անգոյն եւ անհոգի վիճակ:
Երկխօսութիւն, փոխադարձ յարգանք, հանդուրժողութիւն` լաւ բաներ են: Բայց ծափ զարնելու համար երկու ձեռք պէտք է: Այսինքն յիշուած բոլոր լաւ բաները եթէ երկուստեք չեն, կը յանգին մէկուն յաղթանակին եւ միւսին` ստրկացման:
Համախոհութիւն, համակեցութիւն, մարդկային իրաւունք, արդարութիւն եւ ազատութիւն պէտք չէ պայմանաւորել կրօնական ազդակով` միտելով գերագահութեան: Կրօնը հաւատքի հարց է, ո՛չ իշխանութեան: Այս ըմբռնումով պէտք է ստեղծել երկիրներու եւ աշխարհի մէջ քաղաքացիական իրաւունքի վրայ հիմնուած աշխարհիկ քաղաքական-կազմակերպական համակարգ: Մի՞թէ հաւատացեալը աւելի կը մօտենայ իր Աստուծոյն` միւսին մերժելով իր ձեւով հաւատալու իրաւունքը:
Այս համամարդկային վտանգ հանդիսացող հարցերուն այսօ՛ր լուծում եթէ չգտնուի, պետութիւններու տիրած ուժերու այնքա՜ն հզօր, աւերող եւ բազմազան են, որ յանկարծ մոլորակը աւաղող չգտնելու վիճակին մէջ կրնայ յայտնուիլ, այսինքն սգացող ալ չի մնար: Եթէ մոլորակը դառնայ լուսնային անապատ®
Քաղաքական մեծ վտանգներուն դիմաց պէտք է կանգնին մեծ ղեկավարներ եւ գիտակից զանգուածներ:
Այսօրուան քաղաքական կարճատեսութիւնները վաղուան մեծ աղէտներու պատճառ են:
Ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու, որ չէր գիտեր, չէր նախատեսած:
Այսօր, հեռատեսիլի կրկնուող պատկերները, որոնք կը տեղեկացնէին Աֆղանիստանի մէջ Թալեպան շարժման յաղթանակի լուրերը, միաժամանակ կը նշէին աշխարհի հզօրագոյն պետութեան` Միացեալ Նահանգներու շփոթանքը եւ իրարանցումը: Ի՞նչ կրնան յուսալ հայերը, յոյները, ղպտիները, ասորիները, Միջագետքի եւ Ֆիլիփփինի քրիստոնեաները, կիպրացիները, անոնց կողքին` ալեւիները, եզիտիները, բոլոր երկիրներու հաւատքի հալածուածները:
Մոլորակի կացութիւնը այսօր այնպէս է, որ մօտաւոր անցեալի, եւ մասամբ ալ` ներկայի, Արեւելք-Արեւմուտք հասկացողութեան գլխուն տակ ուժերու դասաւորումը կը պահանջէ նոր գնահատում: Կացութիւնը այն է, որ անցեալի Արեւելք ըմբռնումը այլեւս Ռուսիան չէ: Ընդհակառակն, բազմաթիւ պատճառներով եւ բնական կարգով ան կը համարկուի դասական Արեւմուտքի մէջ, նաեւ` իրեն սպառնացող վտանգները դիմակայելու համար: Արեւելք գլխուն տակ կը խմբուին նշուած այն ուժերը, որոնք գործիք կը դարձնեն կրօնը, ժողովուրդները կը տանին` կրօնական մոլեռանդութեան, այլամերժութեան, հակաժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց, ազատութիւններու եւ խիղճի ազատութեան մերժումի:
Ինչպէս կ՛ըսէի այս էջերուն սկիզբը, միջազգային այս տագնապալի իրադրութեան մէջ Հայաստան տաշեղ մըն է, շատ փոքր է, ուժ չէ: Ազգային-քաղաքական խորքային գիտակցութեամբ, ան պարտաւոր է իր միասնութեան եւ քաղաքական հեռանկարային իրաւ ըմբռնումին մէջ գտնելու իմաստութեան ուժը` խաղալիք եւ զոհ չըլլալու համար:
Ինչ որ կը պատրաստուի, թաղային մրցակցութիւն չէ, մամուլին` լուր, մետիաներուն` պատկեր եւ աղմուկ մատակարարող ընթացիկ ահաբեկչութիւններու կրկնութիւն չէ:
Պատասխանատուութիւնները ըստ այնմ պէտք է ստանձնեն, առաջնորդուին եւ առաջնորդեն անանձնական յանձնառութեամբ:
Ինչպէ՞ս վերջ տալ գազանացման քաղաքականութեան եւ չէզոքացնել պատերազմի հրձիգ չարիքի առաջնորդները, որպէսզի Այնշթայնի վերեւ նշուած մարգարէութիւնը չիրականանայ, եւ մարդկութիւնը չհասնի նախամարդու` քարերով կռուելու նոր փուլը: Կամ պարզապէս պատերազմ մղող եւ դիտող պիտի չմնայ:
Պատասխանատու է մոլորակի իւրաքանչիւր բնակիչ: Ես, դուն, ան:
Մի՞թէ պէտք է կրկնել, որ վաղը միշտ ուշ է:
16 օգոստոս 2021, Նուազի-լը-Կրան