Այսու կը տեղեկացնենք, որ Երեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2020-ին, կարիքաւոր ընտանիքներու դրամական նպաստներ տրամադրելով, գործանականօրէն ընթացք կ՛առնէ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրը:
Արդարեւ, յառաջիկայ օրերուն, Լիբանանի Հայոց Թեմի զանազան շրջաններէն ներս եւ կամաւորներու աջակցութեամբ,Պէզիքեան Ծրագրի Գործադիր Վարչութիւնը պիտի իրականցնէ հինգ ամիսներու համար նախատեսուած օժանդակութեան ծրագրի առաջին մասը՝ կանխիկ փոխանցելով Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն համար նկատի առնուած գումարները:
Լիայոյս ենք, որ Տէր Եւ Տիկ. Ալլեքօ եւ Անի Պէզիքեաններու փափաքին համաձայն, վերոնշեալ օժանդակութեան շնորհիւ, տնտեսական եւ ընկերային ծանր կացութեան մատնուած 3000 հայ ընտանիքներ պիտի յաջողին որոշապէս բարելաւել իրենց կեանքի պայմանները:
Լիբանանահայ Օժանդակութեան
Պէզիքեան Ծրագրի Գործադիր Վարչութիւնը