Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարումէն չորս օրեր ետք, Լիբանանի կացութիւնը կը շարունակէ օր ըստ օրէ դէպի յաւելեալ գահավիժում ընթանալ: Արդարեւ, ներքին, ընկերային, ապրուստի, կենցաղային, առողջապահական, քաղաքական ու ապահովական անկայունութեան սպառնալիքները գրեթէ ամէնօրեայ մտահոգութիւն դարձած են: Իսկ շաբաթավերջին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան այն զգուշացումը, թէ` «կը մօտենանք մեծ բռնկումի սեմին», առաւել շեշտակի դարձուց ընկերային բռնկումի վտանգը, որուն պարզապէս մանրանկարներն են` Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ յաճախակիօրէն կրկնուող միջադէպերն ու յարձակումի երեւոյթները, որոնք երբեմն մահացու հետեւանք կ՛ունենան: Այս մտահոգութիւններուն կողքին, արտաքին սպառնալիքները նոյնքան մտահոգիչ են: Փաստօրէն, լիբանանցի «փտած ու թերացող» վարիչներուն դէմ ուղղուած եւրոպական պատժամիջոցներու ընթացիկ յուլիսի աւարտի ժամկէտէն, մինչեւ կարգ մը երկիրներու կողմէ Լիբանանի օժանդակութեանց առկախումը` սպասելով խոստացուած բարեկարգումներու իրագործման: Աւելի՛ն, Միացեալ Նահանգներ քանի մը օրեր առաջ զգուշացուցին Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան բռնկումէն: Իսկ իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, Իսրայէլ իր բարեկամներուն «թելադրած» է ոչ իսկ տոլար մը առաքել Լիբանան` իբրեւ պատիժ: Իսկ իսրայէլացի վարիչներ վերջերս յաճախակիօրէն կը կրկնեն, թէ «Լիբանանի դէմ պատերազմը ժամանակի հարց է»: Իսրայէլեան այս վարքագիծը նորութիւն չէ Լիբանանի նկատմամբ: Փաստօրէն, մօտիկ անցեալին, Իսրայէլի մէջ գումարուած ժողովի մը ընթացքին որոշուած է «խախտել թշնամի երկիրներու կայունութիւնը»: Վերջին ամիսներու (չըսելու համար տարիներու) դէպքերը որոշ չափով կասկածները կ՛ուղղեն այդ ուղղութեամբ:
Այս բոլորին զուգահեռ ներքին թէ արտաքին կոչերը կը շարունակուին` երկիրը շուտափոյթ լուծման առաջնորդելու գծով: Այս իմաստով նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շաբաթավերջին հաղորդակցութեան մէջ մտաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` դատապարտելով վերջերս Թրիփոլիի դէմ բանակին վրայ կատարուած յարձակումները: Խազեն շեշտեց, որ «բանակը կարմիր գիծ է»:
Նմանապէս, Արաբական խորհրդարանի նախագահ Ատել Պըն Ապտել Ռահման Ասումի ընդգծեց, որ լիբանանեան կառավարութեան կազմութիւնը անյետաձգելի պահանջ է` կոչ ուղղելով երկրի վարիչներուն շուտափոյթ քայլերու դիմելու կառավարութեան կազմութեան գծով:
Լիբանան Վճռած Է Յաղթահարել
Խոչընդոտները
Այս բոլորի լոյսին տակ Լիբանան վճռած է յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները եւ շարունակել փրկարար ճիգերը: Այս ծիրին մէջ երէկ երեկոյեան պատկերասփիւռի «Օ.ԹԻ.Վի.» եւ «Մանար» կայանները հաղորդեցին, որ նախագահ Միշել Աուն, այսօր` երկուշաբթի, 19 յուլիսին պիտի հրաւիրէ երեսփոխանական խորհրդակցութեանց: Կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի ունենան 26 յուլիսին: Վարչապետի թեկնածութեան գծով անուններու երկար ցանկ մը կայ, ինչպէս` Նեժիպ Միքաթի, Ֆայսալ Քարամէ, Ժաուատ Ատրա, Նաուաֆ Սալամ, Ֆուատ Մախզումի, Հասսան Տիապ եւ Մուսթաֆա Էտիպ: Ոմանք նոյնպէս Սաատ Հարիրին կ՛աւելցնեն այս ցանկին:
Այլ խօսքով` Լիբանան ժամանակին եւ անկիւնադարձային ժամկէտներու հետ մրցումի մէջ է ու կը փորձէ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կազմել նոր կառավարութիւնը, թէեւ կարգ մը աղբիւրներ աւելի յոռետես մօտեցում ունին եւ կը «պնդեն», թէ նոր կառավարութիւն չկայ եւ կատարուածը ժամանակի վատնում է եւ թէ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը պիտի վերաշխուժացուի եւ շարունակէ իշխել մինչեւ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւնները` մայիս 2022: Սակայն այլ աղբիւրներու համաձայն, աշխատանք կը տարուի երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականը կանխել եւ զայն կայացնել փետրուար 2022-ին, փոխան մայիսին: Իսկ զօր. Մուսթաֆա Համտան երէկ գիշեր պատկերասփռուած յայտարարութեամբ հազիւ յառաջիկայ հոկտեմբերին նախատեսեց կառավարութեան կազմութիւնը:
Սակայն նախքան այս բոլորը, ամէնէն հիմնական մօտալուտ ժամկէտը 4 օգոստոսն է, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին օրը: Այս գծով եւրոպական աղբիւր մը անհրաժեշտ նկատած է կառավարութիւնը կազմել նախքան 4 օգոստոսի ժամկէտը:
Ամէնէն առաջ սակայն Լիբանանի վարիչները պէտք է ընդառաջեն լիբանանցիներու համբերութեան ժամկէտին, որ կրնայ բռնկիլ որեւէ պահուն: Արդարեւ, լիբանանցիներու 77 առ հարիւրը անզօր եւ անկարող է տարրական սննդեղէն գնելու, ինչպէս որ հրապարակած էր վերջերս ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի մէկ հաղորդագրութիւնը: