Ծառայութիւնը քրիստոնէական կեանքի իմաստն է ու ճիշդ ճամբան: Նոր կտակարանին մէջ Աստուածորդին սպասաւորութիւն ընդունելու չեկաւ, այլ գործնականօրէն ցոյց տուաւ ծառայութիւնը եւ Աստուծոյ մօտենալու ճշգրիտ ճանապարհը: Որքան դիպուկ է մարդուն կողմէ իր նմանին կատարուած ծառայութեան մասին Քրիստոսի խօսքը, ուր կ՛ըսէ, թէ` «Որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մատթէոս 25:40): Արդ, ծառայութեան կանչին հաւատարիմ Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութիւնը շարունակելով իր քառասուն տարիներու ծառայութեան իր առաքելութիւնը` նեցուկ կանգնելու անկարին, կարօտեալին եւ ներկայիս լիբանանահայ գաղութի դիմագրաւած ճգնաժամին ընդառաջ, հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ի կէսօրին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ նախաձեռնեց հանդիպումի մը` համայնքային ծառայողական աշխատանքները համախմբելու, ընկերային ծառայողներու կորիզ կազմելու եւ հաւաքական աշխատելաձեւի դրութիւն հաստատելու միտումով:
Սոյն հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին` Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի, ԱՖՀԻԼ ապահովագրական գրասենեակի, «Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեան ֆոնտ»-ի, Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի, Հայ կաթողիկէ «Նարեկ» դարմանատան, «Էջմիածին» կրօնասէր տիկնանց համախմբումի, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, Երեսփոխանական գրասենեակի օժանդակութիւններու բաժինի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բարգաւաճման բաժինի, «Զուարթնոց» կեդրոնի եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ներկայացուցիչներ, տնօրէններ, տնօրէնուհիներ, պատասխանատուներ եւ ընկերային ծառայողներ:
Հանդիպման բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայ համանքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան ատենապետուհի Քրիսթին Դանիէլեան – Սարգիսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն եւ կ՛օժանդակեն հայ ժողովուրդի անհրաժեշտ ու ծով կարիքներուն: Ան բացատրեց հանդիպման նպատակը, որն է` համախմբել հայ համայնքին մէջ ծաւալած ծառայութիւնները եւ վերածել կեդրոնացեալ աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ հասանելի դառնալ նաեւ այլ կարիքաւորներու, մանաւանդ` հիւանդանոցային պարագաներու:
Այնուհետեւ միութիւններու տնօրէններն ու ներկայացուցիչները ամփոփ ձեւով ներկայացուցին իրենց ծառայութիւնները եւ անդրադարձան, որ հայ համայնքին մէջ գործող կառոյցներուն մեծամասնութիւնը կ՛օժանդակէ նոյնանման ծառայութիւններով: Ուստի պատշաճ նկատուեցաւ նոր ձեւ մը որդեգրելու` զանց առնելու համար պատահականութիւնները: Ապա քննուեցաւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան կողմէ պատրաստուած ուղղելու թղթածրարը, որուն հիման վրայ կատարուեցան առաջարկներ ներկաներուն կողմէ: Հանդիպումը կարեւոր նկատեց նաեւ նորաձեւ աշխատանքի եւ արագ միջոցառումներու կարելիութիւնը` նպաստելու համար համայնքի ծառայութեան աշխատանքներուն:
Հուսկ, վարչութեան ատենապետուհի Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան իր փակման խօսքին մէջ նշեց, որ հաւաքաբար գործակցելով` կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ հայ ժողովուրդի ծով կարիքներուն: Ան յայտնեց, որ վարչութիւնը պիտի ուսումնասիրէ ներկայացուած հարցերն ու առաջարկները` կորիզներ կազմելու համար իւրաքանչիւր աշխատանքի եւ ծառայութեան ծիրերուն մէջ: