«Լիբանանի մէջ առկայ ներկայի ճգնաժամերը, որոնք կու գան աւելնալու պատմականօրէն լիբանանցիներու կրած ու անոնց դիմանալու կարողութիւնը գերազանցած դէպքերուն, մեզ կը մղեն յորդորել քաղաքական կողմերը` խուսափելու Լիբանանը մխրճելէ արտաքին տագնապներու մէջ, որոնք Լիբանանի հետ առնչութիւն չունին եւ այս երեւոյթներուն նորագոյնը Քաուաշրայի մէջ յուշակոթողի մը բարձրացումն է, ինչ որ կրնայ զայրոյթը գրգռել լիբանանցիներու հիմնական մէկ հատուածին` հայերուն, որոնք ենթարկուած են ջարդերու եւ տեղահանութեանց», երէկ յայտարարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մամլոյ գրասենեակը: «Թերեւս օգտակար է յիշեցնել բոլորին, թէ տասնամեակներէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տագնապը միայն յաւելեալ դժբախտութիւններու յանգեցաւ, եւ այս տագնապին լաւագոյն լուծման կարելի է յանգիլ` երկխօսութեամբ, բանակցութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը` մաղթելով, որ «երանի կարելի ըլլայ դասեր քաղել այդ փորձառութիւններէն ու լծուիլ Լիբանանի մեր ներքին տագնապներու լուծման, որոնք այնքա՜ն շատ են»: