Ահարոն Շխրտըմեան
Շատ-շատերու նման, մեր ծանօթութեան առաջին օրէն ընկեր Գառնիկ կ’ըսէի՝ Գառնիկ Մկրտիչեանին:
1977 –ի յունուար ամիսն էր: Նոր տարուան արձակուրդի առիթով եղբօրս հետ Պէյրութ վերադարձած էի Կիպրոսէն:
Հայրս մեզ դիմաւորեց օդակայանէն: Մայրս իր ձեռքով պատրաստած տեսակաւոր ճաշերու սեղանով պատուեց մեզ: Փոքր քոյրս եւ եղբայրս նոր զգեստ հագած, շէնքին մուտքին կեցած, կարծէք հանդիսութեան մը պատրաստուած ըլլային: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ու իննամսեայ բացակայութենէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով ընտանիքով պիտի նստէինք սեղան…: Կարօտ:
Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ մեր պայմաններուն մասին խօսելէ ետք, եղբօրս հետ սկսանք Պէյրութի մեր հարազատներուն որպիսութիւնը հարցնել մէկ առ մէկ: Սովորաբար մենք կ’այցելէինք բոլորին՝ վերադառնալէ ետք եւ մեկնելէ առաջ: Այդպէս էին հին օրերու բարի աւանդութիւնները:
Երբ մեծ հօրս՝ Առաքել Տետէին (մօրս՝ հայրը, այդպէս կ’անուանէինք այդ բարեպաշտ մարդը) որպիսութիւնը հարցուցինք, հայրս, պատասխանելէ ետք, յայտնեց, թէ խնդրանք մը ունէր եւ հետեւեալ դէպքը պատմեց:
ՀՅԴ Սարդարապատ ակումբի կոմիտէն, խանութպաններու բողոքին անսալով, կ’որոշէ փակել Պուրճ Համուտի մայթերուն վրայ «հիմնուած» սեղանէ կրպակները: Դժուար ժամանակեր: Մարդիկ սեղանէ կրպակներու հասոյթով կ’ապահովէին իրենց կեցութիւնը: Հակառակ լսուող բողոքներուն որոշումը անվերանայելի էր:
Մօրս հայրը շատ փայլուն անցեալ ունեցած էր Հալէպի մէջ: Հաճնոյ կոտորածէն հրաշքով փրկուած, Տէր Զօրի անապատին արհաւիրքէն վերապրելով կը հասնի Հալէպ: Ինքնաշխատութեամբ բարեկեցիկ պայմաններ կը ստեղծէ: Փռատէր կը դառնայ (շատ-շատեր մինչեւ օրս կը յիշեն Ազիզիէի անոր փուռը): Ընտանեկան բոյն մը կը կազմէ: Որբանոցի մանուկը որբերուն ընկերը կը դառնայ Հալէպի մէջ: Մեծ դերակատարութիւն եւ մասնակցութիւն կ’ունենայ Հալէպի հայկական առաջին որբանոցի շինարարութեան:
Հայրենադարձութիւն յայտարարուելէ անմիջապէս ետք մեծ հայրս կ’որոշէ ընտանեօք Հայաստան գաղթել: Կը վաճառէ բոլոր ունեցուածքները: Մեծ զաւակը կը մեկնի: Բարեկամներ քիչ մը համբերելու խորհուրդ կու տան մեծ հօրս…:
Այդ տարիներէն սկսեալ կեանքի անիւը հակառակ ուղղութեամբ կը սկսի դառնալ: Մեծ հայրս ընտանիքով կը հասնի Պուրճ Համուտ, Արաքս պողոտայ, Ժան դ’Արք թաղամաս:
Պատերազմի թէժ օրերուն ուրիշներու նման ինք եւս կը ստիպուի սեղան մը դնել թաղամասի մուտքին: Քանի մը ամիս ետք կը հասնի փակելու որոշումը:
Օրերէն մէկը, յաճախորդ մը կ’այցելէ անոր սեղանը: Գնումը կատարելէ եւ մեկնելէ ետք մեծ հայրս դրամապանակ մը կը նշմարէ սեղանին վրայ. քաջ գիտնալով, որ երիտասարդ յաճախորդին պիտի պատկանէր ան, Մեսրոպեան վարժարանի ուղղութեամբ կը վազէ՝ փնտռելով դրամապանակին տէրը: Սակայն, ի զուր: Ճարահատ կը վերադառնայ իր սեղանին, քանի մը վայրկեան հանգստանալէ ետք, Սարդարապատ ակումբ կ’երթայ: Այնտեղ երիտասարդի մը կը ներկայանայ: Անոր կը յանձնէ դրամապանակը եւ կը պատմէ եղելութիւնը: Երիտասարդը, իր սենեակը կ’առաջնորդէ մեծ հայրս, «նստի’ր, հայրիկ» կ’ըսէ անոր: (Այդ օրէն, թաղեցիներուն եւ Սարդարապատ ակումբի տղոց համար «հայրիկ» մնաց մեծ հօրս անունը):
Երիտասարդը կը բանայ դրամապանակը: Բարեբախտաբար կը գտնէ անոր տիրոջ անձնաթուղթը, ինչպէս նաեւ կոկիկ գումար մը: Շուտով կը յայտնուի դրամապանակին տէրը, որ ուրախութենէն գումար մը կը նուիրէ մեծ հօրս: Մեծ հայրս կը մերժէ եւ կը փափաքի գումարը ակումբին յանձնել: Դրամապանակին տէրը կը մեկնի ակումբէն:
Երիտասարդը մեծ հօրս կը հարցնէ, թէ ո՞վ կ’ըլլար եւ ինչո՞վ կը զբաղէր: Ծերունիին լսելէ ետք, ան կը կանչէ ակումբին տղաքը եւ բոլորին առջեւ կը հրահանգէ ձեռք չտալ «հայրիկ»-ին սեղանին, ընդհակառակը՝ միշտ այցելել եւ …:
Այդ երիտասարդը ընկեր Գառնիկ Մկրտիչեան կը կոչուէր:
Հայրս, պատմելէ ետք այս դէպքը, մեզմէ խնդրեց, երբ Առաքել տետէին այցելենք՝ Պուրճ Համուտ, անպայման հանդիպինք Սարդարապատ ակումբ, ծանօթանանք ընկեր Գառնիկին եւ շնորհակալութիւն յայտնենք: Այդպէս ալ եղաւ: Ընկեր Գառնիկը մեզ ընդունեց: Տարիներու վրայ երկարող հարազատ եւ անկեղծ բարեկամութիւն մը ստեղծուեցաւ ընկեր Գառնիկին, հօրս եւ մեր միջեւ, հետագային զարգանալով ազգային-կուսակցական բեմահարթակներու վրայ:
Մեծ հայրս մինչեւ իր մահը մնաց թաղի տղոց սիրելի «հայրիկ»-ը: Ընկեր Գառնիկը ներկայ գտնուեցաւ անոր յուղարկաւորութեան: Քառասուն մանուկ եկեղեցւոյ մուտքին ծաղկեպսակի մը վրայ կը կարդայի «Սարդարապատ ակումբ»-ին անունը…: Նոյնը կրկնուեցաւ հօրս եւ մօրս հրաժեշտներու առթիւ: Ինչպէս մեր ընտանիքին, վստահ եմ նաեւ շատ շատերու անկեղծ բարեկամն էր ընկեր Գառնիկը..
Այսօր, ընկեր Գառնիկի անժամանակ մահուան առիթով, չեմ կրնար թուղթին չյանձնել մեծ առաքինութեան տէր ազգային գործիչին եւ մարդուն կեանքէն այս անմոռանալի էջը:
Այս համեստ դէպքը իր մէջ կը պարփակէ ազգային մտածողութեան տէր գործիչի մը բնորոշ բոլոր յատկանիշերը:
Բոլորս լաւ ընկեր եւ բարեկամ մը կորսնցուցինք:
Կը խոնհարհիմ արդար վաստակիդ առջեւ:
Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ ընկեր Գառնիկ: Անժամանակ մեկնումդ խորունկ վիշտ է բոլորիս համար: