Խալիլ Պատաուի թաղամասը եղած է պատանութեանս ամենասիրած եւ փնտռած վայրերէն մին: Այնտեղ կը բնակէին դասընկերներէս շատեր: Մեր զրոյցներուն գլխաւոր օրակարգը այդ օրերուն ֆութպոլն էր…: Օրին մէկը, չեմ գիտեր, թէ ին՞չ նկատառումներով, դասընկերներէս՝ Թորոսը (յետագային՝ Տօքթ. Թորոս Էթարեան) խոստացաւ զիս ծանօթացնել հետաքրքրական եւ համակրելի անձնաւորութեան մը հետ: Առաջարկը կու գար դասընկերէ մը, ուրեմն միանգամայն ընդունելի պիտի ըլլար: Նախքան այդ ծանօթութիւնը, դասընկերս նաեւ յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր Հինգշաբթի երեկոյեան եւ Շաբաթ յետմիջօրէներուն, ուսանողական հաւաքներու կը մասնակցէր Հ.Մ.Մ. -Պէյրութ ակումբին մէջ: Ոմն՝ ընկեր Յարութիւն Կերկերեան իր շուրջ կը համախմբէր երիտասարդութիւնը եւ գաղափարական –դաստիարակչական հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէր ներկաներուն:
Տուեալ օրը, երեք դասընկերներ միասնաբար այցելեցինք ընկեր Յարութիւն Կերկերեանին աշխատավայրը: Ձեռնուեցանք, ծանօթացանք: Հեզաբարոյ եւ ժպտադէմ անձնաւորութիւն մը: Մեզի ընդունելէ ետք ըսաւ .« Տղաս, դուք էք մեր ապագան: Մենք ամէն բան երիտասարդութեան համար կ’ընենք:Դուք մեզմէ լաւ պիտի ըլլաք: Որքան որակ, այնքան լաւ…»: Ծանօթացման առաջին հանդիպումը վերածուեցաւ անպաշտօն դասախօսութեան՝ ընկեր Յարութիւն Կերկերեանէն սնած դաստիարակչական դասախօսութիւններու շարքին առաջինը:
Երանելի օրեր: Իւրաքանչիւր Հինգշաբթի եւ Շաբաթ, դպրոցականի պարտաճանաչութեամբ, մերթ Հ.Մ.Մ.- Պէյրութ ակումբը, մերթ՝ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ սրահը, ընկեր Յարութիւն Կերկերեանը մեզի կը հաղորդէր կուսակցական կեանքի այբուբենը: Տառեր, որոնք այսօր գրեթէ ջնջուած են դժբախտաբար եւ նետուած պատահականութեան գիրկը: Հրապարակի վրայ երբեք չէինք նշմարեր ընկեր Յարութիւն Կերկերեանը: Լռելեայն կը նախընտրէր աշխատիլ: Հրապարակային երեւոյթներէ միշտ հեռու, համեստ մարդու եւ սկզբունքային, անբասիր կուսակցականի տիպար: Անոր հանդէպ տածած յարգանքի ու հաւատարմութեան հետեւանք էր, շատերու նման Ս.Դ.Հ.Կ. «Էլճանեան» Ուսանողական Միութեան շարքերը մուտքս եւ շաբաթավերջի երեք օրերը՝ Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ շուրջը ստեղծուած պահակային դրութեան մասնակցութիւնս:
Կիրակի, 19 Յունիս 1976: Քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերէն մէկը: Գիշերը տասնեակէ աւելի հրթիռներ տեղացած էին Խալիլ Պատաուիի հարաւային շրջանները: Նախորդող օրերու սարսափն ու ահուդողը անկարելի դարձուցած էր Քսաններու յիշատակին աւանդական հանդիսութիւնը: Ընկեր Կերկերեան գտաւ յարմարագոյն լուծումը: Հարիւրէ աւելի «Էլճանեան»ականներ, Քսաններու յիշատակին Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնը աւարտելէ ետք, զէնքերով բարձրացանք դէպի Հ.Մ.Մ. Պէյրութ ակումբը: Անմահն Փարամազի արձանին առջեւ խօսք առնելով, ընկեր Յարութիւն Կերկերեան մեր բոլորին թելադրեց չվախնալ ժամանակաւոր ու անցողիկ երեւոյթներէն, հաւատարիմ մնալ Մայր Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան եւ Քսաններու պատգամին: Անշեշօրէն ծառայել շրջապատին ու հայրենիքին:
Տարիներ շարունակ, ընկեր Յարութիւն Կերկերեանը իր լուռ եւ աննկատ եղանակով նորագիրներ զինուորագրեց Մայր Կուսակցութեան: Անոր գործունէութիւնը չէր սահմանափակուեր «Աղասի» մասնաճիւղի առօրեայով: Շրջան մը դարձաւ Վարիչ Մարմինի անդամ: Երկար տարիներ ծառայեց Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ թաղականութեան: Ձեռներէցօրէն նուիրուեցաւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ բարօրութեան, իբրեւ թաղականութեան անդամ եւ՝ ատենապետ: Մեր բարեկամութիւնը մնաց անխախտ: Հայաստանէն վերադառնալէ ետք, յաճախակի կ’այցելէի ընկեր Յարութիւն Կերկերեանին, անիկա ըլլար բնակարանը թէ աշխատավայրը: Մոլի ընթերցասէր մըր: Մեր զրոյցը կ’երկարէր: Բնոյթը՝ քաղաքական եւ գաղափարախօսական: Անսպառ գիտելիքներու տէր անձնաւորութիւն մը, եւ միաժամանակ իր համեստութեան առաջին զոհը: Տարօրինակ իրողութիւն:
Ընտանիքի օրինակելի հայր: Նուիրումի եւ գաղափարախօսական անեղծ ոգիով դաստիարակեց իր զաւակները: Տակաւին ականջիս մէջ թարմ կը հնչեն իր որդւոյն Յակոբի պսակադրութեան առիթով անոր հետեւեալ խօսքերը՝ ամէն ոք բան մը կը շինէ տղաս, ոմանք դրամ, մենք՝ բարեկամութիւն, ահա մեր դրամագլուխը:
Հարազատ մնաց իր համոզումներուն: Անտեսեց նոյնիսկ առողջութիւնը, յառաջացած տարիքը եւ մնաց պատնէշի վրայ. «Տղաս, նախ մարդ կերտենք: Առանց երիտասարդութեան,առանց մարդակերտումի ին՜չ ապագայ… ո՞վ պիտի պատրաստէ մեր երիտասարդութիւնը»: Պատգամ մը, որ մնայուն կը կրկնէր ընկեր Յարութիւն Կերկերեան: Ո՞վ կրնայ առարկել ընկերոջ խօսքերուն…:
Այսօր, տարիներու վրայ երկարող մեր բարեկամութիւնը վերյիշելով, ցաւով պիտի հարցնեմ՝ ընկեր Յարութիւն Կերկերեանի, բարեխիղճ կուսակցականի տիպարով, տակաւին քանի՞ ընկերներ կը գործեն մեր հաւաքականութեան մէջ… :
Այս տողերուն մէջ կը սփոփեմ անոր կորուստին պատճառած վիշտը, ցաւակցութիւններս փոխանցելով հանգուցեալին զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան:
Յարգանք եւ իմ երէց ընկերոջս՝ Յարութիւն Կերկերեանի յիշատակին:
Խոնարհաբար՝
Ահարոն Շխրտըմեան