Քանի մը ամիս առաջ, անցնող չորս տարիներուն ընթացքին, տեղին ու անտեղի պատճառաբանութիւններով զիրար չարախօսող եւ բանադրող, փոխադարձ ամբաստանութիւններ, լուտանքներ տեղացնող, երկրին վարկն ու հեղինակութիւնը նսեմացուցած, ժողովուրդին արժանապատուութիւնն ու ինքնասիրութիւնը ոտնակոխած, միեւնոյն երդիքի տակ պատեհութիւնը՝ անհամատեղելիութեան բարբանջանքներով արդարացնող լիբանանեան խորհրդարանի անդամները, ընդամէնը տասը վայրկեան տեւողութեամբ նիստի մը ընթացքին, գոռգոռալից գոչիւններով, բարձրաղաղակ կատակներով, կարօտակէզ համբոյրներու եւ գորովագութ գրկախառնումներու մթնոլորտի մը մէջ, վեհանձնօրէն վճռեցին տասնեօթ ամիսով երկարաձգել իրենց «ծառայութեան» ժամկէտը: Փոխադարձ մեծարանքի եւ խնկարկումներու այս երանաւէտ պայմաններուն տակ , խորհրդարանի դիւանը նոյնիսկ մոռցաւ արձանագրել նուազագոյն նկատողութիւնը՝ թէ երկարաձգումը տեղի կ’ունենար արտասովոր պայմաններու տակ: Ասպետական ասպնջականութեան եզակի այս վայրկեաններուն աստեղային պահը անկասկած միմեանց նկատմամբ երեսփոխաններուն սիրավառ վերաբերմունքն էր:, Թատերական փայլուն արար մը անկասկած, լիբանանեան խորհրդարանի առօրեայէն: Դերասանութիւնը հաճելի է, երբ կ’ըմբոշխնենք բեմին վրայ, բայց նոյնքան եւ նողկալի ՝ երբ կը կիրառուի կեանքի մէջ:
Տարօրինակութիւններու երկիր է Լիբանանը: Ներկայացումը աւարտելէ անմիջապէս ետք, իւրաքանչիւրը վերադարձաւ իր խրամատը.. ցեխարձակումներն ու ատելավառ բանսարկութիւնները վերսկսան եւ կը շարունակուին առ այսօր..:
Յաւակնութիւն չունինք մեկնաբանելու երկարաձգումի որոշումը արդար կամ՝ սխալ ըլլալու հիմնաւորումները, ոչ ալ՝ տեղին կամ անժամանակ ըլլալու առարկութիւնները: Բոլորը ուրախ եւ պարծենկոտ, մեծ իրագործում մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ հեռացան խորհրդարանէն: Ո՞վ զանոնք պատասխանատուութեան կրնար հրաւիրել՝ թէ անցնող չորս տարիներուն ին՞չ տուին այս հայրենիքին, բացի առնելէն եւ պաշտօններու չարաշահումէն: Ո՞վ հաշուետուութիւն պիտի պահանջէր մեր երես-փոխաններէն՝ երբ առհասարակ զարկողը զարկաւ փախչողը փախաւ սկզբունքն է, որ կը կը գործէ Լիբանանեան առօրեայէն ներս: Ո՞վ մտահոգուած է քաղաքացիին կենցաղային պայմաններով , սնանկացող ճարտարարուեստը փրկելու քայլամիջոցներ որոնելով, փակուող գործարաններու ճակատագիրով, տնտեսական բարգաւաճման եւ բարօրութեան նախագիծերու մշակումով, ուղեղներու արտահոսքով…: Ո՞վ պատասխանտուութեան պիտի հրաւիրէ մեր պատուարժան երեսփոխանները, թէ ինչո՞վ զբաղած էին անցնող չորս տարիներուն, ինչո՞ւ զլացան մշակելու այնքան պահանջոած ընտրական օրինագիծը: Ո՞վ պիտի զգաստութեան հրաւիրէ լիբանանեան խորհրդարանը եւ քաղաքական հոսանքները, որոնք գրաւը Սուրիոյ հակամարտութեան վրայ դրած, ստէպ առ ստէպ ոտնակոխ կը դարձնեն Լիբանանը միջագային ընտանիքին առջեւ: Խորհրդարանին մէջ հազիւ մատի վրայ հաշուեն երկրին ճակատագիրով մտահոգ, ազգային արժանապատուութիւն դրսեւորող անհատականութիւններ: Իսկ ո՞վ է տուժողը այս ողբերգական իրականութենէն, եթէ ոչ համեստ օրապահիկով ապրող ժողովուրդը:
Դժբախտաբար այս է պատկերը լիբանանեան մեր հայրենիքին: Նեխած, ժամանակավրէպ ու հեղհեղուկ կարգախօսներով ժանգահոտ քաղաքական հոսանքներու կողքին, պատեհապաշտ եւ անսկզբունք քաղաքական գործիչներու այս կրկեսին մէջ, տտխուր դեր մըն ալ դժբախտաբար վերապահուած է համայնքներու եւ յարանուանութեանց կարգ մը պետերու, որոնք շատ յաճախ կ’օրհնեն իրենց «ոչխարներուն» քայլերը…:
Սակայն այստեղ չաւարտիր խեղկատակութիւնը: Այսօր դարձեալ քաշքշուքի վերածուած է ընտրական նոր օրինագիծի թղթածրարը: Այսօր դարձեալ կը ցուցաբերուի անցնող տարիներու անտարբերութիւնը: Ին՞չ բոյթ թէ ընտրութիւններ տեղի չունենան, քայքայուին երկրին սահմանադրական կառոյցները, երկիրը մնայ անգլուխ…: Իւրաքանչիւր կողմ՝ նորածին,վաղահաս ծնունդ, թերաճն ու դերաճը, գաճաճն ու մասամբ նորին՝ բոլորը ոտքի ելած, իւրաքանչիւրը իր ֆիզիքական բարեմասնութիւններուն համապատասխան օրինագիծ կը պարտադրէ դիմացինին: Ժողովուր՞դը, անոնք կարծէք ոչխարի հօտեր ըլլային, իւրաքանչիւր ճորտատէրի կամ հովուապետի մօտ: Այսպէս կ’ընկալուի լիբանանեան ժողովրդավարութիւնը մեր քաղաքական ուժերուն եւ խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութեան մօտ: Տակաւին կայ աւելին… կարգ մը խրհրդարանական խմբաւորումներ ազգային միասնականութիւնը սպառնալիք կը դիտեն իրենց համայնքին..: Բայց ի վերջոյ որո՞նց հայրենիքն է Լիբանանը, այսօրինակ պատեհապաշներու թ՞է այն համեստ քաղաքացիներուն, որոնք զուրկ են իրենց ձայննն ու բողոքը լսելի դարձնելու կարելիութիւններէն: Այն իրաւազուրկ ժողովուրդը, որ իսկապէս համոզուած է ու կը հաւատայ երկրին ամողջականութեան, սակարկութեան չի վերածեր երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Ժողովուրդ որ կը հաւատայ համակեցութեան:
Դժբախտաբար ժողովուրդին անունով իշխանութեան փարած վերնախաւն է, որ իւրաքանչիւր օր զանոնք կը դատարկէ իր ազգային արժանապատուութենէն:
Այսօր քաղաքական խաւին անհրաժեշտ է շահարկել Սուրիոյ զարգացումները: Այդպէս եկած է « հրահանգը»…: Այսպէս կ’ընկալեն անոնք ժողովորդավարութիւնը: Ոմանք ուղղութիւն կու տան ազգային բանակին, ուրիշներ՝ խրատ, ոմանք՝ սպառնալիք …:
Լիբանանը իշխող վերին խաւը այսպէս կ’ընկալէ ժողովորդավարութիւնը: Անոնք յաջողեցան տասնեօթ ամիս եւս շուքի տակ պահել երկիրը: Յաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ անկասկած, բայց անգամ մը եւս հարուածեցին երկրին ազգային միասնականութեան:
Բարձրաձայն կատակները, քմծիծաղով , հեգնական ոճով բացագանչութիւններ, կէսօրուան համատեղ ճաշ…: Խորհդարանէն դուրս ելլելու պահուն ազգընտիր երեսփոխաններուն դիմագիծերուն վրայ յայտնուած ժպիտը տարբեր բան կը վկայէր:
Երկարաձգումի օգտին քուաէարկող երեսփոխանները կը նախզգային արդեօ՞ք իրենց կատարած քայլին պատասխնատուութիւնը: Հեգնանքը հակառակը կ’ապացուցէր … :Սեւ կէտ մը, Լիբանանի ժողովրդավար պատմութեան մէջ…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ