ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ պնդեց, որ Ատրպէյճան վերջին պատերազմին վերականգնեց իր տարածքային ամբողջականութիւնը, ՄԱԿի կանոնադրութեան համաձայն, օգտուելով պաշտպանութեան իրաւունքէն:
«Մենք մեր միջոցներով իրականացուցինք ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի Ղարաբաղի հարցին վերաբերող 4 բանաձեւերը», յայտնեց Ալիեւ` ընդունելով Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգող Վլատանքա Անտրէեւան: Նախագահը պնդեց, թէ պատերազմէն կարելի էր խուսափիլ, եթէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները, որոնք նաեւ ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդի մնայուն անդամներ են, պարտադրէին Հայաստանին՝ «դուրս բերել զօրքերը Ղարաբաղէն»:
«Համանախագահները իրե՛նք որդեգրեցին այդ բանաձեւերը եւ զանոնք իրագործելու կարելիութիւն ունէին, սակայն, դժբախտաբար, 28 տարուան ընթացքին Մինսքի խումբը բազմաթիւ կարելիութիւններ փախցուց», յայտնեց Ալիեւ՝ պնդելով, որ ինք բանակցութիւններուն ընթացքին համանախագահ երկիրներէն քանի մը անգամ պահանջեց պատժամիջոցներ սահմանել Հայաստանի հանդէպ: