«Մենք յայտարարած ենք, որ մեզի պէտք է խաղաղութիւն, խաղաղութեան համաձայնագիր: Հայաստանին ատոր համաձայն դարձնելու համար պահանջուեցաւ շուրջ երկու տարի: Իմ կարծիքովս, ասիկա հանդիպումներու կարեւորագոյն արդիւնքներէն մէկն էր», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` իտալական «Իլ Սոլէ 24 Օրէ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Ազրպէյճանի ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ քանի մը ամսուան ընթացքին կողմերը պիտի յաջողին աւարտին հասցնել աշխատանքը եւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել:
«Ես կը հաւատամ, որ քանի մը ամսուան ընթացքին մենք կրնանք աւարտին հասցնել աշխատանքը եւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել: Եթէ հայկական կողմը նման կամք դրսեւորէ, ապա, իմ կարծիքովս, ատիկա իրական է», ընդգծած է Իլհամ Ալիեւ:
Ազրպէյճանի ղեկավարին հաւաստումով` խաղաղութեան համաձայնագիրի համար հիմք հանդիսացող Պաքուի ներկայացուցած հինգ սկզբունքները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդնուած է, եւ ատիկա վերահաստատուած է Պրիւքսելի հանդիպումի ընթացքին:
«Առաջին` երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, երկրորդ` հրաժարում որեւէ տարածքային յաւակնութիւններէն, երրորդ` հրաժարում ուժի կիրարկումէն եւ ատոր կիրարկման սպառնալիքէն, չորրորդ` սահմանազատում, հինգերորդ` հաղորդակցութիւններու բացում:
«Ասոնք Ազրպէյճանի Հայաստանին առաջարկած հինգ հիմնական սկզբունքներն են, եւ Հայաստանի վարչապետը ատոնք ընդունած է: Ատիկա անգամ մը եւս հաստատում գտաւ Պրիւքսելի մէջ երկու օր առաջ կայացած մեր հանդիպումի ժամանակ: Մեր արտաքին գործոց նախարարները տուեալ հինգ սկզբունքներուն հիման վրայ պիտի անցնին համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ գործնական բանակցութիւններու», յայտարարած է Ազրպէյճանի ղեկավարը` Իտալիոյ Չեռնոպիօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ: